Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Նախագահեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ 61-Ամեակի Ճաշկերոյթին

By October 11, 2024No Comments

Շաբաթ, 5 Հոկտեմբեր 2024-ի երեկոյեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան նախագահեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 61-րդ տարեդարձին նուիրուած հանգանակային յատուկ ճաշկերոյթին, որ տեղի ունեցաւ հովանաւորութեամբ բարերար Տէր եւ Տիկին Տոքթ. Մայք եւ Եւելինա Սարեանի, եկեղեցւոյ համալիրը ճոխացնող «Խաթուն Սարեան» շրջափակին մէջ: Ճաշկերոյթին ներկայ եղան եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան, Ազգ. վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեան եւ Տիկինը՝ Յասմիկ, շրջանի Ազգ. երեսփոխաններ, նախկին եւ ներկայ հոգաբարձական կազմի անդամներ, տեղւոյն պատկան մարմինի եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքն ու Ազգ. Ֆերահեան Երկրդ. վարժարանի տնօրէնութիւն եւ Ուսումնական մարմինի անդամներ, այլեւ բարերարներ, բարեկամներ եւ հիւրեր, թիւով աւելի քան 130 հոգի:

Ճաշկերոյթի բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հոգեւոր հովիւը եւ ողջունելէ ետք ներկաները նշեց, որ իր հիմնադրութեան օրէն ի վեր ու ամբողջ 61 տարի, Ս. Նահատակաց եկեղեցին կը շարունակէ կերտել սերունդներ, մինչ հիմնադիր սերունդի նուիրեալ հայորդիներ՝ օրին իրենց ճիգերը միացուցած եկեղեցւոյ պատասխանատուներուն ու բարերարներուն, ոչ միայն շարունակած են սրբազան առաքելութիւնը, այլ նաեւ հետամուտ եղած, որ Ս. Նահատակաց եկեղեցին հովանի ու առաջնորդ դառնայ Սան Ֆերնանտօ Հովիտի հայկական գաղութին: Այսպէս՝ եկեղեցւոյ հիմնադրութենէն միայն տարի մը ետք է, որ բոլորանուէր ճիգերով եւ Մատթէոս Ֆերահեանի կտակին համաձայն, հիմը դրուեցաւ Ազգ. Ֆերահեան Երկրորդական վարժարանին, որ յառաջիկայ տարի կը բոլորէ իր հիմնադրութեան 60-ամեակը: Արդարեւ, տասնամեակներու աշխատանք եւ նուիրուածութիւն, զորս սերունդներ կը շարունակեն ի գործ դնել առաւել եւս ծաղկեցնելու համար հայահոծ այս շրջանը՝ շեշտեց Տէր Ռազմիկ, ապա հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը, որպէսզի ներկայացնէ իր սրտին խօսքը:

Գեղամ Արքեպիսկոպոս իր խօսքին մէջ վեր առաւ տարիներու թաւալքը եւ ըստ այդմ՝ ամեակներու կարեւորութիւնը՝ դիտել տալով, որ տարի մըն ալ աւելցաւ եկեղեցւոյ տարեդարձին վրայ եւ այսպէս՝ տարուէ-տարի յաւելումով, ահա՛ 61 տարիէ ի վեր Ս. Նահատակաց եկեղեցին իր համայնքով, ազգային կառոյց-դպրոցներով եւ ժողովուրդով աւելի եւս զօրացած ու բարգաւաճած կը շարունակէ հայկականութեամբ բաբախել ազգի կեանքին մէջ ո՛չ միայն իբրեւ հոգեւոր եւ ազգային գոյութիւն, այլեւ տարուէ տարի ընդարձակման ենթակայ համալիր, որ իր ֆիզիքական տարածքին ու հոգեւոր, մարդասիրական եւ մշակութային նպատակներուն մէջ աւելի եւս ուռճանալով կը պայծառացնէ հայկական ազգային ինքնութիւն ու դիմագիծ, հայ նոր սերունդներու շնորհելով հայօրէն ապրելու միջավայր ու յարատեւելու ամուր կռուան:

Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նաեւ գնահատեց յոբելեար եկեղեցւոյ անխոնջ սպասաւորներն ու ազնուափայլ Տիկին Խաթուն Սարեանն ու զաւակը՝ Տոքթ. Մայք եւ Տիկինը՝ Եւելինան, Ազգ. Առաջնորդարանի ծրագիրներուն եւ Սան Ֆերնանտօ Հովիտի հայ կեանքի բարգաւաճման նկատմամբ իրենց ցոյց տուած հոգածութեան եւ նիւթաբարոյական նպաստին համար:

Այնուհետեւ, յաջորդաբար գնահատանքի եւ երախտագիտական խօսքերով հանդէս եկան Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Տիար Յովիկ Պետեւեան եւ բարերար Տոքթ. Սարեան, որ իր խօսքի աւարտին ուրախութեամբ յայտնեց, թէ սիրով կը ստանձնէ հիւրընկալ-բարերարութիւնը Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ յառաջիկայ՝ 62-րդ տարեդարձի հանդիսութեան:

Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ եւ Տէր Ռազմիկի ընկերակցութեամբ, բարերար ամոլը հատեց 61 տարեկան Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ կարկանդակը, ապա Տոքթ. Սարեան Հոգաբարձութեան կողմէ իբրեւ յուշանուէր ստացաւ ոսկեայ համրիչ մը:

Ճաշկերոյթի պաշտօնական բաժնին յաջորդեց գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ հանգանակութիւն:

Close Menu

Categories