Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Նախագահեց Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Ուսուցչական Կազմերու Ամանորի Եւ Ս. Ծննդեան Տօնախմբութեան

By January 9, 2025January 16th, 2025No Comments

Շաբաթ, 4 Յունուար 2025-ին առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան նախագահեց Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Վերահսկող մարմինի կազմակերպած Կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցչական կազմերու Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնախմբութիւնը, որ տեղի Լա Քրեսենթա Հովիտի Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ մէջ, ներկայութեամբ մեծ թիւով ուսուցիչներու:

Եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ եւ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեանի արտասանած բարի գալուստի խօսքէն ու բարեմաղթութիւններէն ետք, Արեւմտեան Թեմի մէջ գործող Կիրակնօրեայ վարժարաններու տեսուչներն ու ուսուցիչները հանդէս եկան կրօնաբոյր ներկայացմամբ մը, ապա Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Վերահսկող մարմինի պատասխանատու՝ Գերպ. Հայր Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան ողջունեց ներկաները եւ դրուատանքով անդրադարձաւ Կիրակնօրեայ դպրոցներու նուիրեալ ուսուցիչներու անձնուրաց աշխատանքին ու քրիստոնէական նուիրուածութեան, ի նպաստ մատղաշ հայ սերունդներու դաստիարակութեան ու հաւատքի մէջ ամրացման:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր եզրափակիչ խօսքին մէջ վեր առաւ Արեւմտեան Թեմի ծուխերու Կիրակնօրեայ վարժարաններու կարեւորութիւնը՝ հայութեան մանուկ ու պատանի զաւակներուն զԱստուած ճանչցնելու, ինչպէս նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ քրիստոնէական դարաւոր հաւատքն ու սկզբունքները նոր սերունդի տղոց ու աղջկանց կեանքին առանցքը դարձնելու իմաստով, ապա թելադրեց ժամանակին համահունչ եւ արդիական մեթոտներու կիրակմամբ անձնդիր շարունակել աստուածահաճոյ աշխատանքը՝ ի խնդիր գաղութի վաղուան հոգեւոր, ազգային ու միութենական ղեկավարութեան պատրաստութեան եւ շրջանին մէջ հայկական կենարար ու առողջ մթնոլորտի զարգացման:

Պաշտօնական բաժինին յաջորդեց հոգեւոր բնոյթի գեղարուեստական եւ տօնական հաճելի մթնոլորտ:

Close Menu

Categories