
Կիրակի, 26 Յունուար 2025-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ ընթերցուեցաւ Կիլիկիոյ Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի 2025 տարեշրջանի հայրապետական հռչակագիրը, որով ընթացիկ տարին կը բնորոշուի իբրեւ «Աւանդութիւններու վերակենսաւորման տարի»:
Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, նոյն օրը նախագահեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Ս. եւ անմահ Պատարագին եւ յընթացս արարողութեան ընթերցեց Հայրապետական հռչակագիրը: Պատարագիչն էր եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան: Ս. խորանին սպասարկեցին սարկաւագներ եւ դպիրներ: Արարողութեան ներկայ եղան Ազգ. վարչութեան փոխ ատենապետ՝ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան, եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքն ու շրջանի հաւատացեալ ժողովուրդը:
Յետ Հռչակագրի ընթերցման, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բացատրութիւն տուաւ հայ ազգային աւանդութեանց քրիստոնէական ըմբռնումին եւ բարեպաշտական նկարագիրին մասին՝ դիտել տալով, որ հայ հին աւանդութիւններն ու սովորութիւնները հայելին են մեր դարաւոր ազգի հոգեւոր, ազգային եւ մշակութային էութեան, ապրելաձեւին ու կենցաղին եւ թէ առաւելաբար անոնք են, որ մեր ազգը կը զատորոշեն ուրիշ ժողովուրդներէ, որոնք եւս ունին իրենց աւանդութիւնները:
Իր խօսքին մէջ ան նաեւ շեշտեց, որ աւանդութիւն ու սովորութիւն վեր են բոլոր ժամանակներէն իրենց յարատեւութեամբ եւ սերունդէ սերունդ շարունակական բնոյթով՝ աւելցնելով, որ «ա՛յս է նաեւ ուժը մեր ժողովուրդի հոգեւոր, բարեպաշտական, ազգային, հայրենասիրական կորովին ու միասնականութեան ոգիին եւ ա՛յս է, որ ազգի մը հաւաքական կեանքին կու տայ իմաստ, բովանդակութիւն, պատմական հենք, նիստ ու կաց, կը ստեղծէ արուեստներ ու մշակոյթ»:
Արամ Ա. Վեհափառ Հօր թելադրանքին ականջալուր, Գեղամ Արքեպիսկոպոս նաեւ շեշտեց, որ՝ «մենք եւս՝ որպէս Ազգ. Արեւմտեան Թեմ, Առաջնորդ, Ազգային վարչութիւն, Հոգեւորական դաս, ծուխեր ու եկեղեցիներ, մեր կարգին, պիտի փորձենք մեր հոգեւոր, ազգային, ժողովրդային ու մշակութային աւանդութիւնները մեր կեանքին մէջ վերակենսաւորել, ինչպէս նաեւ հին բայց ոչ հինցած մեր բարի սովորութիւնները վերակենդանացնել եւ մեր օրերուն մէջ բերել, այլեւ զանոնք սորվեցնել մեր նոր սերունդի զաւակներուն՝ թելադրելով, որ իրենք եւս տէր կանգնին մեր աւանդութիւններուն, բարեպաշտական ու ազգային սովորութիւններուն եւ սիրով կիրարկեն իրենց կեանքին մէջ՝ իբրեւ նախնիներէն իրենց հասած հոգեւոր, ազգային, մշակութային ինքնուրոյն ժառանգութիւն, ապա զանոնք փոխանցեն իրենց զաւակներուն ու գալիք սերունդներուն»:
Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յորդորեց իր հօտի զաւակները, որ հետեւին Վեհափառ Հօր ուղենշային մտածումներուն ու թելադրանքներուն՝ ըսելով. «Մեր աւանդութիւնները մեզ կը պահեն աշխարհի վրայ մեծաքայլ յառաջացող համաշխարհային, յարձակունակ մշակոյթէն ու globalization-ի վտանգներէն», ապա լուսարձակի տակ առաւ Հռչակագիրին մէջ արձանագրուած չորս կէտեր, որոնց ընդմէջէն Վեհափառ Հայրապետը շեշտը կը դնէ աւանդութեանց կարեւորութեան վրայ՝ իբրեւ զօրեղ ու ազդու գործօններ եւ կը թելադրէ, անհրաժեշտութեան կարգով, անցեալէն եկող բոլոր բնոյթի մեր աւանդութիւնները վերանայման ենթարկել, զանոնք դարձնել աւելի գրաւիչ ու մատչելի եւ տանիլ ժողովուրդին՝ յիշեցնելով անոնց կարեւորութիւնը մեր ժողովուրդի ամբողջականութիւնն ու ինքնութիւնը պահելու իմաստով, միաժամանակ կարեւորելով՝ աւանդութիւններու մշակումը նոր օրերու շունչով ու յատկապէս սփիւռքեան պայմաններու լոյսին տակ, որպէսզի նոր սերունդի զաւակներ եւս ներգրաւուին մեր կեանքէն ներս եւ իրենց կարգին անխաթար պահեն ու հարստացնեն հայկական աւանդութիւններն ու սովորութիւնները, որոնք անցեալէն եկած՝ մեր ներկային կը կապուին նո՛ր ժամանակներու ոգիով եւ կ՛իմաստաւորեն մեր ընտանեկան ու հաւաքական կեանքը՝ իբրեւ հայ ազգ, լեզու, եկեղեցի ու մշակոյթ, նաեւ գալիք ժամանակներու եւ հայ նոր սերունդներու կեանքին մէջ: