Կիրակի, 8 Դեկտեմբեր 2024-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան նախագահեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ Պատարագին, ապա քարոզեց, յորդորելով ներկաները՝ Աստուածաշունչը կարդալ Աստուծոյ ակնոցով, այսինքն՝ ապրիլ ու գործել քրիստոնէական վարքագիծով եւ անանձնականութիւնը դարձնել մարդկային ապրելաձեւի հիմնարար սկզբունք:
Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզին բնաբանը վերցուած էր Ղուկաս Աւետարանի 14-րդ գլուխէն, ուր Յիսուս կը խօսի ճաշի կամ ընթրիքի հրաւէր տալու մասին՝ ըսելով, թէ «Երբ ճաշի կամ ընթրիքի հրաւէր կու տաս, մի՛ կանչեր բարեկամներդ կամ եղբայրներդ, ազգականներդ եւ հարուստ դրացիներդ, որպէսզի չըլլայ որ անոնք ալ քու հրաւէրիդ փոխարէն քեզ հրաւիրեն, եւ այս ձեւով քեզի հատուցում կատարած ըլլան: Ընդհակառակը, երբ ճաշկերոյթ կու տաս, կանչէ աղքատներն ու խեղանդամները, կաղերն ու կոյրերը եւ այն ատեն երանելի պիտի ըլլաս, որովհետեւ անոնք փոխարէնը քեզի հատուցելիք ոչինչ ունին: Եւ գիտցած եղիր, որ քու հատուցումդ պիտի ստանաս արդարներու յարութեան ժամանակ», ապա բացատրելով այս տողերը ան ընկալելի դարձուց առակի միտք բանին՝ շեշտը դնելով քրիստոնէական մարդասիրութեան, անանձնական ապրելակերպին, առանց փոխադարձ ակնկալութեան բարիք գործելու եւ միայն Աստուծմէ վարձահատոյց ըլլալու հաւատքի կէտերուն վրայ:
Իր խօսքի աւարտին՝ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը դահլիճը լեցուցած հաւատացեալ ժողովուրդին ուշադրութեան յանձնեց Ազգ. Գապայեան նախակրթարանի Գ. կարգի աշակերտներու կողմէ «Քրիստոս ի մէջ» շարականի շնորհալի երգեցողութեամբ մասնակցութիւնը Ս. Պատարագին եւ այս իմաստով գնահատեց երեւոյթը, աշակերտներն ու իրենց ուսուցչուհին՝ Տիկին Յաւերժ Սանոսեանը, ապա նշեց, որ եկեղեցին լեցուցած մարդոց դէմքերուն նկատած է ժպիտներ, զորս կը մեկնաբանէ երեք ձեւով. առաջին՝ ծնողներու ժպիտներ, որոնք ծաղկած են Հայ Եկեղեցւոյ ծառայող իրենց զաւակներուն աստուածահաճոյ վարքին ի տես, երկրորդ՝ դպրաց դասի անդամներու ժպիտներ՝ իրենց միացած աշակերտական խումբը վաղուան խոստմնալից դպիրները նկատելու առումով, այլեւ մեր ներքին ուրախութիւնը՝ որպէս Հոգեւոր Առաջնորդը այս Թեմին, մեր այս ժպիտով կը ցոլացնենք մեր վստահութիւնը՝ հայկական վարժարաններու տղոց ու աղջկանց մատուցուած հոգեւոր, ազգային եւ մշակութային դաստիարակութեան համար ու կը հաստատենք՝ ըսելով. «Ահաւասի՛կ գեղեցիկ եւ շօշափելի նմոյշ մը մեր Ազգային վարժարաններու առաքելատիպ դաստիարակութեան, որով իրենց մատղաշ տարիքէն սկսեալ կը թրծուին մեր զաւակները՝ իբրեւ վաղուան քաջարի պահապաններն ու հոգեւոր եւ ազգային ղեկավարները մեր ազգի աւանդական թէ ժամանակակից կառոյցներուն, ինչպէս նաեւ դարաւոր ոգեղէն արժէքներուն՝ ինչպէս հայոց լեզուին, Հայաստան հայրենիքին, Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայ մշակոյթին»:
Յետ արարողութեան, Առաջնորդ Սրբազան Հօր շքախումբը՝ բաղկացած Հոգեւոր հայրերէ եւ համայնքային կեանքի պատասխանատուներէ, ուղղուեցաւ Տը Կէյթ ճաշարան, ուր Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Տիկնանց Օժանդակ մարմինի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան ճաշկերոյթ, հիւրընկալութեամբ շրջանի բարերարուհի Տիկին Խաթուն Սարեանի, մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքի, շրջանի ազգային, մարդասիրական եւ կրթական կառոյցներու ներկայացուցիչներու եւ հիւրերու:
Ճաշկերոյթը սկիզբ առաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր աղօթքով, բարի գալուստի խօսքը արտասանեց շրջանի Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան, բացման խօսքով հանդէս եկաւ կազմակերպիչ Մարմինի ատենապետուհի՝ Տիկին Նենսի Պետիրեան, որմէ ետք Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր գնահատանքի եւ օրհնութեան խօսքը փոխանցեց ներկաներուն, դրուատեց Տիկնանց Օժանդակ մարմինի եւ կամաւոր ձեռքերու ծառայութիւնը՝ յանուն եկեղեցւոյ եւ շրջանի հայկական կեանքի զարգացման ու բարգաւաճման եւ իր օրհնութիւնները շնորհեց հիւրընկալ Տիկին Սարեանի եւ որդիին՝ Ազգ. բարերար Տոքթ. Մայք Սարեանի:
Հուսկ, յանուն եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան եւ Տիկնանց Օժանդակ մարմինին, երախտագիտական յուշանուէր մը յանձնուեցաւ Տիկին Սարեանի՝ առ ի գնահատանք իր հիւրընկալութեան, եկեղեցանուէր ծառայութեան եւ Սարեան ընտանիքի՝ Արեւմտեան Թեմի աշխատանքներուն բերած նպաստին համար, ապա Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկաներուն փոխանցեց Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան յատուկ իր հայրական բարեմաղթութիւնները: