Շաբաթ, 23 Նոյեմբեր 2024-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան, Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց համալիրի Աւետիսեան սրահին մէջ նախագահեց Թեմի սարկաւագներու համախմբման, որուն ներկայ եղան նաեւ Հոգեւոր հայրեր:
Տէրունական աղօթքէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց սրտի խօսք, ողջունեց խմբուած սարկաւագները եւ անոնց հետ մօտէն ծանօթանալու առիթը, ապա ներկաներուն փոխանցեց իր հայրական յորդորները՝ ընդգծելով, որ եկեղեցւոյ ծիսակատարութեան մէջ կարեւոր դեր ունին սարկաւագները:
Օրինակներով համեմելէ ետք իր խորհրդածութիւնները, Գեղամ Արքեպիսկոպոս շեշտեց եկեղեցական ծիսակատարութեան անթերի իմացութեան անհրաժեշտութիւնը՝ բացատրելով, որ հայկական եկեղեցական ծէսը խորհրդանշական արարողութիւն ըլլալու կողքին նաեւ կարգ ու կանոն, ճշգրտութիւն եւ չափաւորութիւն է եւ թէ այս բոլորին մասին պէտք է լաւագոյնս տեղեակ ըլլան Ս. խորանին ծառայող սարկաւագները, աւելցուց ան:
Ապա, Գեղամ Արքեպիսկոպոս նաեւ ականջ տուաւ սարկաւագներու հարցումներուն, որոնց պատասխանեց սպառիչ կերպով: Համախմբումի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու սարկաւագները եղան ճաշի հիւրը եկեղեցւոյ Հովիւին ու Հոգաբարձութեան: