Կիրակի, 29 Դեկտեմբեր 2024-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան նախագահեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ Պատարագին, իր կողքին ունենալով Արեւմտեան Թեմի նախկին Առաջնորդներ՝ Գերշ. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան եւ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Արք. Տօնոյեան, եկեղեցւոյ Հոգեւոր տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան եւ Քահանայ հայրեր: Օրուան Պատարագիչն էր Արժ. Տ. Կոմիտաս Աւ. Քհնյ. Թորոսեան, խարտաուիլակութիւնը կատարեց Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, մինչ եկեղեցւոյ դասը լեցուցած էին Արեւմտեան Թեմի Հոգեւոր հայրեր, սարկաւագներ ու դպիրներ:
Արարողութեան ներկայ եղան Ազգ. վարչութեան անդամներ, գլխաւորութեամբ Ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեանի, Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան անդամ՝ Տիար Կայծակ Զէյթլեան, Հայ Աւետարանական համայնքապետ՝ Վերապատուելի Հենրիկ Շահնազարեան, եկեղեցւոյ նախկին եւ ներկայ Հոգաբարձութեանց անդամներ, շրջանի Ազգ. երեսփոխաններ, եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքի անդամներ, բարերարներ, բարեկամներ եւ ժողովրդային հոծ բազմութիւն:
Ս. Պատարագի ընթացքին, բարձր տնօրինութեամբ Կիլիկիոյ Աթոռի Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսի, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յատուկ աղօթքներով եւ շարականներու երգեցողութեամբ Ծայրագոյն վարդապետի իշխանութիւն շնորհեց Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեանի, ապա քարոզեց՝ իր խօսքը խարսխելով Մատթէոս Աւետարանի 28-րդ գլխուն 18-20 համարներուն վրայ, ուր Յիսուս Քրիստոս իր աշակերտներուն կը թելադրէ երթալ դէպի աշխարհի ժողովուրդները եւ զանոնք աշակերտ դարձնել Իրեն, անոնց ուսուցանելով այն բոլոր պատուիրանները, զորս Մեծ Վարդապետը տուաւ իր աշակերտներուն: Յիսուս Քրիստոսի այս խօսքերուն հետեւութեամբ, Գեղամ Արքեպիսկոպոս ընդգծեց Հայ Եկեղեցւոյ ուղղափառ դաւանանքի քարոզչութեան եւ ուսուցման կարեւորութիւնը՝ հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս յատկապէս հաւատքի ամրապնդման ու պահպանման առումով, միաժամանակ շեշտելով, որ Հայ Եկեղեցւոյ եւ անոր սպասարկուներուն կողմէ որքան որ կարեւոր է քրիստոնէական հիմնարար սկզբունքներուն մասին քարոզելն ու սորվեցնելը, ապա նոյնքան անհրաժեշտ է, որ մեր ժողովուրդի զաւակները յանձնառու ըլլան իրենց ճշմարիտ հաւատքի անխաթար պահպանման եւ կիրարկման՝ առիթ չտալով, որ սխալ կամ մոլար վարդապետութիւններ մուտք գործեն հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս:
Շնորհաւորելէ ետք Արեւմտեան Թեմը, գաղութն ու Կլենտէյլի մեծ ընտանիքը, Գեղամ Արքեպիսկոպոս շնորհաւորեց Ծայրագոյն Վարդապետի տիտղոսակիր՝ նորոգ ընծայեալ Հայր սուրբը եւ անոր մաղթեց բեղուն ծառայութիւն:
Յայտնենք, որ յետ արարողութեան, կազմակերպութեամբ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան, Կլենտէյլի «Ֆընիշիա» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ Սիրոյ սեղան, որուն ընթացքին հիւրընկալ Մարմինի ատենապետ՝ Տիար Ալեք Պաղտասարեան Հոգաբարձութեան անունով արտասանեց շնորհաւորական խօսք, ապա Զարեհ Ծ. Վրդ. Սարգիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքի անդամներուն եւ բոլոր ներկաներուն:
Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկաներուն փոխանցեց իր ուրախութիւնն ու շնորհաւորանքը այս առիթին համար եւ իր հայրական օրհնութիւնները շնորհեց Ծ. Վարդապետ Հայր սուրբին ու ներկաներուն, բոլորին մաղթելով յաջողութիւն իրենց ծառայական առաքելութեանց ու աշխատանքներուն մէջ: