
Չորեքշաբթի, 9 Ապրիլ 2025-ի երեկոյեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, նախագահեց Արեւմտեան շրջանի հանրային վարժարաններ յաճախող հայ աշակերտներուն բարոյական եւ նիւթական զօրակցութիւն ցուցաբերող Յանձնախումբի (CASPS) աւանդական տարեկան ձեռնարկին, որուն ընթացքին մեծարուեցաւ եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողմէ գնահատագիր ստացաւ Յանձնախումբի հիմնադիր եւ բազմաբեղուն նուիրեալ անդամ՝ Տիկին Մետիա Քալոկնոմոս, եւ համապատասխան գնահատագրեր ստացան կրթական 2025 տարեշրջանին բարձր միջին ապահոված՝ Կլենտէյլի շրջանի հանրային վարժարաններու հայ աշակերտներ:
Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Glendale Performing Arts Center-ի մէջ: Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ՛ընկերակցէր Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր հայրերէն՝ Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան:
Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յատուկ ուշադրութեամբ անդրադարձաւ Տիկին Քալոկնոմոսի բերած նպաստին եւ մեծապէս գնահատեց անոր վաստակն ու ներդրումը շրջանի հայ զաւակներու ուսանողական կեանքէն ներս: Օրհնութեան եւ գնահատանքի իր խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նաեւ խօսքը ուղղելով կրթական բարձրագոյն միջիններ ապահոված հայ աշակերտներու խումբին՝ դիտել տուաւ, թէ՝ «գնահատանքի արժանի այս հայ տղաքը Կլենտէյլի շրջանի հանրային երկրորդական վարժարաններու աշակերտներէն են, որոնք իրենց ջանասիրութեան շնորհիւ ձեռք ձգած են բարձրագոյն արդիւնքներ՝ շրջանի կրթական մակարդակի նշաձողը աւելի եւս բարձրացնելով, ինչ որ յաւելեալ լուսաւորութիւն կու տայ Արեւմտեան Թեմի քաջալեր առաքելութեան»:
Եզրափակելով՝ Գեղամ Արքեպիսկոպոս ըսաւ. «Այս առիթով, մեր հայրական օրհնութիւնն ու գնահատանքը կ՛ուղղենք մեր համայնքին ու ազգին պատիւ բերող իւրաքանչիւր տղուն ու աղջկան. թող ձեր ուսումնառութեան բոլոր տարիները ողողուին կանաչ լոյսով, ձեր ապագան լեցուն ըլլայ փայլուն յաջողութիւններով, որպէսզի, ձեր կարգին, դո՛ւք եւս՝ ձեր ներդրումը ունենաք ձեզի յաջորդող սերունդներու ուսումնական կեանքի բարելաւման ու յառաջդիմութեան այնքան կարեւոր գործին մէջ»:
Յիշեցնենք, որ CASPS հիմնուած է 1994-ին եւ կը վայելէ Արեւմտեան Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանի հովանաւորութիւնը: