Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ներկայ Եղաւ Հ.Յ.Դ. 134-Ամեակի Տօնակատարութեան

By April 3, 2025No Comments

Շաբաթ, 29 Մարտ 2025-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեանի, ներկայ եղաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 134-րդ տարեդարձի տօնակատարութեան, որ տեղի ունեցաւ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Աւետիսեան սրահին մէջ:

Հանդիսութեան բացման աղօթքն ու սեղաններու օրհնութիւնը կատարելէ ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց կազմակերպութեան 134-րդ տարեդարձը՝ ըսելով. «Կը շնորհաւորենք Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 134-ամեակը եւ այս առիթով մեր սրտագին բարեմաղթութիւնները կը փոխանցենք հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնած եւ հայ ժողովուրդի՛ն համար բազում մարտահրաւէրներ յաղթահարած ազգային այս կուսակցութիւնը՝ մաղթելով, որ շարունակէ հայ ազգի կեանքին մէջ պանծալի նոր իրագործումներ արձանագրել նաեւ գալիք տասնամեակներուն»:

Close Menu

Categories