Կիրակի, 17 Նոյեմբեր 2024-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան մեկնեցաւ Ֆրեզնօ, ուր ներկայ եղաւ շրջանին մէջ գործող Հայաստանի Պատուոյ Հիւպատոսութեան գրասենեակի հիմնադրութեան 10-ամեակին եւ միաժամանակ անոր առաջին Պատուոյ հիւպատոս, իսկ ներկայիս նաեւ Արեւմտեան Թեմի Ազգ. վարչութեան կազմի անդամ՝ Տիար Պերճ Աբգարեանի՝ ազգային ու պետական այս կառոյցի ճամբով մատուցած տասնամեայ ծառայութեան նուիրուած հանդիսութեան, որուն ներկայ եղան հայ եւ օտար Հոգեւոր հայրեր, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Միացեալ Նահանգներու բարձրաստիճան պետական այրեր, շրջանի դիւանագիտական, արդարադատութեան եւ ապահովական մարզերու պաշտօնատարներ ու պատուիրակներ, ինչպէս նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ, ազգային կառոյցներու եւ հայկական թէ օտար միութիւններու ներկայացուցիչներ, բարեկամներ եւ հիւրեր:
Հանդիսութեան ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ընթերցեց Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսի Օրհնութեան գիրը՝ ուղղուած Տիար Պերճ Աբգարեանի, Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուոյ հիւպատոսարանի հաստատման 10-ամեակին առիթով եւ բարձր գնահատանքի արժանացուց Ֆրեզնոյի մէջ առաջին եւ մինչ օրս Հ.Հ. Պատուոյ հիւպատոս Աբգարեանի դիւանագիտական տասնամեայ ծառայութիւնը՝ նշեալ գրասենեակի ճամբով Հայաստանի հզօրացման ու բարգաւաճման ուղղուած իր հայրենաշէն նախաձեռնութիւններուն ու հետապնդած ծրագիրներուն համար, միաժամանակ շնորհաւորելով տասնամեայ գործունէութիւնը գրասենեակին եւ Տիար Աբգարեանի, մաղթելով ազգային ու հայրենանուէր բարեբեր աշխատանքի նոր տասնամեակներ: