
Երեքշաբթի, 22 Ապրիլ 2025-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Ս. Յարութեան տօնին առիթով այցելեց Միշըն Հիլզի Հայ Տարեցներու Արարատ տուն եւ իր աղօթքներն ու բարեմաղթութիւնները փոխանցեց վաստակաւոր հայ պապիկ-մամիկներուն՝ Ս. Զատկուան ուրախ մթնոլորտով պարուրելով անոնց հոգիները:
Արդարեւ, ըստ Ազգային Առաջնորդարանի տարիներու աւանդութեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, ընկերակցութեամբ Հոգեւոր հայրերու, Ս. Պատարագով եւ աղօթասացութեամբ Յիսուս Քրիստոսի յարութեան աւետիսը փոխանցեց Արարատ տան բնակիչներուն, միաժամանակ հոգեւոր մատակարարութիւն տրամադրելով իւրաքանչիւր ապաստանեալի, որ յատկապէս մեծ տաղաւարներու ընթացքին ակնկառոյց կը սպասէ Հոգեւոր սնունդի, մխիթարական խօսքի եւ հայրական օրհնութեանց:
Արարողութեան աւարտին, Ս. Յարութեան խորհուրդով ցնծեալ հայ տարեցները իրենց շնորհակալութիւնները յայտնեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր ու Հոգեւոր հայրերուն եւ փոխադարձաբար ստացան հայրական ջերմ օրհնութիւններ ու սրտագին բարեմաղթութիւններ: