Հինգշաբթի, 12 Օգոստոս 2021-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Կլենտէյլի «Էտվենթիսթ» հիւանդանոց եւ Ս. Աստուածածնայ տօնին առիթով կատարեց խաղողօրհնէքի արարողութիւն: Սրբազան Հօր ընկերակցեցան Հոգշ. Տ. Սմբատ Վրդ. Սապունճեան, Հոգշ. Տ. Աշոտ Աբղ. Խաչատուրեան, Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան եւ Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր շքախումբին հետ ընդունուեցաւ հիւանդանոցի ընդհանուր տնօրէն Ալիս Իսայիի, հոգեւոր խնամատարութեան բաժնի տնօրէն Նելու Նետելիայի եւ առեւտրական բաժնի փոխ-նախագահ Ռամելա Մարգարեանի կողմէ, որոնք, իրենց կարգին բարի գալուստի եւ բարեմաղթանքի խօսքեր արտասանեցին ապա, միաժամանակ, շնորհակալութիւն յայտնեցին Առաջնորդ Սրբազանին, հիւանդանոցին տուած իր պաշտօնական այս առաջին այցելութեան առիթով:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ առաջին հերթին բարձր գնահատեց «Էտվենթիսթ» հիւանդանոցի բոլոր նուիրեալները, որոնք բծախնդիր եւ հետեւողական ուշադրութիւն կը դարձնեն բոլոր հիւանդներուն վրայ, որոնք ապաքինում կը գտնեն նշեալ հիւանդանոցին մէջ: Այլ խօսքով՝ Սրբազան Հայրը «Էտվենթիսթ» հիւանդանոցը ընդհանրապէս շրջանին ու մասնաւորաբար Կլենտէյլ քաղաքին համար նկատեց առողջապահական ամենակարեւոր կեդրոնններէն մէկը, ապա բոլոր հիւանդներուն համար աղօթք բարձրացուց առ Աստուած եւ խնդրեց Արարիչէն, որ «քովիտ-19» համավարակային ժահրը վերցնէ մարդկութեան կեանքէն եւ երկնային խաղաղութիւնը ամրօրէն հաստատէ բոլորիս կեանքին մէջ:
Խաղողի օրհնութիւն կատարելէ առաջ Սրբազան Հայրը նշեց, որ խաղողը ընկալուած է իբրեւ բերրիութեան, առատութեան խորհրդանիշ եւ դիտել տուաւ, որ Հայ Եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, ամէն տարի, Աստուածածնայ Ս. Տօնին առիթով կ՛օրհնուի խաղողը, ապա յոյս յայտնեց, որ ով որ այս օրհնուած խաղողէն ճաշակէ, խաղաղութիւն եւ առողջութիւն գտնէ իր հոգիին ու մարմնին մէջ: