Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ս. Ծննդեան Ջրօրհնէք Կատարեց Կլենտէյլի Մեմորեըլ Հիւանդանոցին Մէջ

By January 8, 2025January 14th, 2025No Comments

Ուրբաթ, 3 Յունուար 2025-ի կէսօրին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ընդառաջելով Կլենտէյլի «Մեմորեըլ» հիւանդանոցի տնօրէնութեան խնդրանքին, Ս. Ծննդեան առիթով այցելեց հիւանդանոց եւ ջրօրհնէք կատարեց: Առաջնորդ Սրբազան Հօր ընկերակցեցան Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր հայրերէն՝ Արժ. Տ. Կոմիտաս Աւ. Քհնյ. Թորոսեան եւ Կրօնական ժողովի անդամ Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր օրհնութեան խօսքին ընդմէջէն հակիրճ բացատրութիւն տուաւ այն մասին, թէ Հայ Եկեղեցին ինչո՞ւ Ս. Ծնունդը կը տօնախմբէ 6 Յունուարին, ապա լուսաբանեց ջրօրհնէքի իմաստը՝ իբրեւ խորհրդանիշը Յիսուս Քրիստոսի մկրտութեան եւ աւելցուց, որ Ս. միւռոնի գործածութիւնը բաղադրիչ մասնիկներէն մէկն է մկրտութեան խորհուրդին:

Այս առիթով, հիւանդանոցի նոր տնօրէնութիւնը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Քահանայ հայրերուն, ապա փափաք յայտնեց փոխադարձաբար այցելել Ազգային Առաջնորդարան՝ մօտէն ծանօթանալու համար Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Արեւմտեան Թեմի Հոգեւոր կեդրոնի մարդասիրական ծրագիրներուն:

Close Menu

Categories