Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

«Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ամանորի Եւ Ս. Ծննդեան Ընթրիք» – 2024

By January 6, 2024June 18th, 2024No Comments

«ՀԱՅՈՑ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՀՐԱՇՔԸ ԵԿԵՂԵՑԻՆ Է»,
ԸՍԱՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ

Շաբաթ, 6 Յունուար 2024-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի Բաղրամեան սրահին մէջ, Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ մարմինի կազմակերպութեամբ, եւ աւելի քան 450 հիւրերու ներկայութեան տեղի ունեցած Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան աւանդական ընթրիքի ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ անհատներ կու գան ու կ՛երթան, սակայն հայոց մեծագոյն հրաշքը՝ Եկեղեցին, է՛ ու կը մնայ անսասան` դիտել տալով, որ իբրեւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ իր պաշտօնավարման չորս տարիներուն ընթացքին արձանագրուած յաջողութիւնները, բարիքներն ու նուաճումները Եկեղեցւոյ սեփականութիւնն են ու կը մնան իբրեւ այդպիսին, մինչ ակամայ արձանագրուած մարդկային տկարութիւն ու թերութիւն կը պատկանին միայն իրեն:

Առաջնորդական ընթրիքի այս տարուան հիւրընկալութիւնը ստանձնած էին ազգային բարերար Տէր եւ Տիկին Մայք եւ Եւելինա Սարեաններ: Երեկոյին յայտագիրը վարեց Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան, Տիկնանց Օժանդակ մարմինի խօսքը ներկաներուն փոխանցեց Տիկին Սօսի Էշկիեան, իսկ Առաջնորդ Սրբազան Հօր սրահ մուտքը՝ Հոգեւորականաց դասու ուղեկցութեամբ, կատարուեցաւ մոմեր ի ձեռին եւ ծննդական շարականներու երգեցողութեամբ, Ս. Ծննդեան խորհուրդով լեցընելով ներկաներուն սրտերը:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ թաթախի արարողութիւն, որմէ ետք Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց սեղանի օրհնութիւն, ապա ներկաները տեսերիզով ականջալուր եղան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի՝ նոյն երեկոյի առիթով արտասանած ուղենշային պատգամին, որմէ ետք Ազգ. Վարչութեան անունով խօսք առաւ ատենադպիր՝ Տիար Ճորճ Չորպաճեան:

Ընթրիքի պահը երաժշտական քաղցր կտորներով ծաղկեցուցին Կրէկ Հօշարեան եւ նուագախումբը, ապա գեղարուեստական բարձրորակ յայտագիրով հանդէս եկան Տիկին Արմինէ Վարդանեան, տեարք Յովհաննէս Պալեան, Արման Բեգլարեան եւ Պերճ Քիրազեան, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Տիկին Արմէնուհի Տէրտէրեանի:

Թորգոմ Եպիսկոպոս Տօնոյեանի խօսքը կառուցուած էր միամեայ գործունէութեան նիւթաբարոյական հաշուետուութեան սկզբունքով. առ այս, ներկաները իրազեկ դարձան Ազգ. Առաջնորդարանի կողմէ անցնող մէկ տարուան ընթացքին արձանագրուած իրագործումներուն եւ 2 միլիոն 750 հազար տոլարի չափով իրականացած մարդասիրական եւ զանազան այլ ծրագիրներու յաջողութեան, ինչպէս նաեւ Առաջնորդ Սրբազանի անհատական մտածումներուն ու գնահատանքի խօսքերուն, ուղղուած՝ Հոգեւորական դասուն, Կրօնական ժողովին, Ազգ. Վարչութեան, Ազգ. երեսփոխաններուն, ծխական շրջաններուն, Տիկնանց Օժանդակ մարմինին, ազգային բարերարներուն, նուիրատուներուն, Ազգ. Առաջնորդարանի անձնակազմին, գործակիցներուն եւ հիւրերուն:

Այս առիթով ան նաեւ բարձր գնահատեց Քրեսենթա Հովիտի մէջ նոր կառոյցներու՝ Յակոբ եւ Հիլտա Պաղտասարեան Մանկամսուրի յառաջացման եւ Սրբոց Հրեշտակապետաց հայկական եկեղեցւոյ կանգնումի գծով կատարուած ներդրումները՝ առաջինը Հիլտա Պաղտասարեանի եւ զաւակներուն՝ Գեւիկի, Փիթըրի եւ իրենց ընտանիքներուն կողմէ, ի յիշատակ իրենց ամուսնոյն եւ հօր՝ Տիար Յակոբ Պաղտասարեանի եւ ի պատիւ իրենց մօր՝ Տիկին Հիլտա Պաղտասարեանի, երկրորդը՝ Տէր եւ Տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններու կողմէ, ի յիշատակ իրենց հօր՝ Տիար Մելքոն Մելքոնեանի եւ ի պատիւ իրենց մօր՝ Տիկին Անժել Մելքոնեանի, ինչպէս նաեւ խրախուսական ջերմ խօսքերով եւ յատուկ յուշանուէրով մը արժեւորեց ընթրիքի հիւրընկալ՝ Սարեան ամոլի հաւատարմութիւնը Եկեղեցւոյ, Ազգ. Առաջնորդարանի ճամբով Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ զոյգին պատրաստակամութիւնը՝ օժանդակելու Ազգ. Առաջնորդարանի մարդասիրական ծրագիրներուն:

Առաջնորդ Սրբազան Հօր նուիրուած աւանդական ընթրիքը, որ նաեւ միակ հասութաբեր ձեռնարկն է Ազգ. Առաջնորդարանի, իր աւարտին հասաւ Թորգոմ Եպիսկոպոս Տօնոյեանի «Պահպանիչ»ով, ապա «Կիլիկիա» եւ «Հայրապետական մաղթերգ»ի միահամուռ երգեցողութեամբ:

Close Menu

Categories