Կիրակի, 14 Յունուար 2024-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Եպիսկոպոսական Ս. եւ անմահ Պարատարագ մատոյց, քարոզեց եւ մատաղօրհնէք կատարեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Ս. Յովհաննու Կարապետի տօնին առիթով:
Ս. խորանին սպասարկեցին Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան, սարկաւագներ եւ դպիրներ: Արարողութեան ներկայ եղան Ազգ. եւ Կեդր. Վարչութեանց անդամներ, Մայր եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը, ազգային բարերարներ, բարեկամներ եւ հաւատացեալ ժողովուրդ:
Հոգեպարար արարողութեան ընթացքին Առաջնորդ Սրբազանը խօսեցաւ Յովհաննէս Մկրտիչի ու Աստուածաշունչին մէջ անոր կողմէ կրկնուած «ապաշխարեցէք» բառի իմաստին մասին: Աշխարհիկ մարդը ապաշխարանքի մղող նշեալ թելադրանքի լոյսին տակ, Առաջնորդ Սրբազանը մեկնաբանեց Աստուծոյ ներողամտութեան անսահմանելի չափն ու Անոր սէրը՝ մեղանչող իւրաքանչիւր արարածի նկատմամբ եւ վասն մարդուն փրկութեան, ապա ընդգծեց մարդոց կեանքին մէջ ապաշխարութեան կարեւորութիւնը, երկինքի արքայութիւնը ժառանգելու համար:
Ս. Յովհաննու Կարապետի տօնին առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ շնորհաւորեց նոյնանուն Մայր եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը եւ Լիբանանէն նոր վերադարձած ըլլալով՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի շնորհաւորանքներն ու սրտագին բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Հոգեւոր հովիւին, Հոգաբարձութեան եւ տաճարը լեցուցած հաւատացեալներուն:
Յընթացս Պատարագի, Թորգոմ Եպիսկոպոս մատաղի օրհնութիւն կատարեց, ապա, յետ արաողութեան ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ սրահ, ուր պատրաստուած էր Սիրոյ սեղան: Ջերմ ու մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ան ներկաներուն հետ հաց կիսեց եւ այս առիթով Օրհնութեան գիր մատուցեց եկեղեցասէր ազգային եւ նուիրեալ հայորդի Տիար Պերճ Կիրակոսեանի, որ նաեւ գնահատանքի յուշանուէր ստացաւ Հոգեւոր հովիւին եւ Հոգաբարձութեան կողմէ:
Յայտնենք, որ գեղարուեստական յայտագիրը երգով եւ արտասանութեամբ ծաղկեցուցին Ազգ. Ռ. եւ Ա. Փիլիպոս վարժարանի վերին կարգերու աշակերտները՝ խանդավառութեամբ լեցնելով պահն ու բոլորին սրտերը:
Նշենք, որ Ս. Պատարագի աւարտին, Հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Թեմի նախկին Առաջնորդ՝ Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեանի, վախճանման Ա. տարելիցին առիթով, Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի, վախճանման քառասունքին առիթով եւ Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիկեանի, վախճանման երրորդ տարելիցին առիթով: