Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հօր Գլխաւորութեամբ Ազգ. Վարչութիւնը Այցելեց Օրէնճ Քաունթիի Ծխական Համայնք

By March 7, 2025No Comments

Երեքշաբթի, 4 Մարտ 2025-ի երեկոյեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի գլխաւորութեամբ Ազգ. Վարչութիւնը հերթական հանդիպումներու ծիրէն ներս, այցելեց Օրէնճ Քաունթիի ծխական համայնք եւ տեսակցեցաւ շրջանի Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեանի, Հոգաբարձութեան եւ Ազգ. երեսփոխաններու հետ: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Տիկին Դիւանապետը:

Ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի մէջ արտասանուեցան բարի գալստեան խօսքեր եւ փոխանակուեցան տեղեկութիւններ. Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու Ազգային վարչութիւնը նաեւ հասու դարձան շրջանի մտահոգութիւններուն եւ դժուարութիւններուն եւ տուին ցուցմունքներ, ապա գնահատեցին Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ եւ Ազգ. Արի Կիրակոս Մինասեան նախակրթարանի միջեւ առկայ սերտ գործակցութիւնը: Առաջնորդ Սրբազանը իր խորհուրդներով քաջալեր հանդիսացաւ, որ շրջանի հայութեան կեանքի բարգաւաճման ի նպաստ ծրագիրները աւելի եւս առատանան ու իրենց ժամանակին իրականութիւն դառնան, որպէսզի Հովիւ եւ ժողովուրդ գործակցութեան պտուղները աւելի շատ ու աւելի քաղցր ըլլան:

Հանդիպման աւարտին տեղի ունեցաւ Սիրոյ սեղան: Այս առիթով, ծխական կեանքի պատասխանատուներ բարի մտածումը ունեցան Առաջնորդ Սրբազան Հօր Եպիսկոպոս ձեռնադրութեան 25-ամեակը շնորհաւորելու կարկանդակով մը, զոր հատեց ան եւ հայրական իր օրհնութիւններուն ընդմէջէն Աստուծմէ հայցեց ամենայն բարիք եւ հայութեան կեանքին մէջ հոգեւոր ու ազգային արժէքներու եւ աւանդութեանց յաւելեալ գնահատում ու ծաղկում:

Լսելով շրջանի պատասխանատուներուն եւ ժողովուրդին դրական արտայայտութիւնները, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը դրուատեց Տէր Գարեգինի հովուական ծառայութիւնը եւ անոր մաղթեց ուժ ու կորով՝ շարունակելու իր առաքելութիւնը ի փառս Աստուծոյ եւ ի պանծացումն Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ։

Close Menu

Categories