Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հօր Գլխաւորութեամբ Ազգային Վարչութիւնը Կ՛Այցելէ Ծուխեր

By February 28, 2025No Comments

Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի նախագահութեամբ, սկիզբ առաւ Ազգ. վարչութեան Թեմի ծուխերուն մարմիններուն հետ հանդիպումներու եւ շնորհաւորական այցելութիւններու շարքը, նպատակադրելով հոգեւոր եւ աշխարհիկ պատասխանատուներու հետ հանդիպում առ ի ծանoթացում նորընտիր կազմերուն ու անոնց ծրագիրներուն:

Արդարեւ, առաջինը այս այցելութիւններուն տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 11 Փետրուար 2025-ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահը, ուր Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու Ազգ. վարչութիւն եւ դիւանապետ հանդիպում ունեցան եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հայրերուն, Հոգաբարձութեան նոր կազմի անդամներուն եւ շրջանի երեսփոխաններուն հետ, Սիրոյ սեղանի մը շուրջ՝ հիւրընկալուած Հոգաբարձութեան կողմէ:

Շնորհաւորելէ ետք Հոգաբարձութեան նորընտիր կազմը, Գեղամ Արքեպիսկոպոս ծանօթացաւ եկեղեցւոյ ներկայ աշխատանքներուն եւ ապագայ ծրագիրներուն, կատարեց ցուցմունքներ՝ ընթացիկ տարուան հոգեւոր եւ ազգային տօներու եւ ծիսական արարողութիւններու առնչութեամբ, ապա գնահատեց եկեղեցի-ժողովուրդ ջերմ կապը եւ իր հայրական խօսքին ընդմէջէն իր օրհնութիւնները բաշխեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքի բոլոր անդամներուն: Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան յանուն Ազգային վարչութեան, հրաւիրեց ներկաները սրտբացօրէն խօսելու իրենց դժուարութիւններուն եւ ծրագիրներուն մասին, պատրաստակամութիւն յայտնելով օժանդակութեան ձեռք երկարելու ըստ պահանջի:

-Երեքշաբթի, 18 Փետրուար 2025-ի երեկոյեան, նոյն նպատակով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախագահեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի հետ հանդիպում-Սիրոյ սեղանին, որուն ներկայ եղան Ազգ. վարչութեան կազմը, եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հայրերն ու Հոգաբարձութեան նորընտիր անդամներն ու շրջանի Ազգ. երեսփոխաններ:

Գեղամ Արքեպիսկոպոս ներկաներուն հետ հաց կիսեց եւ մօտէն ծանօթացաւ համայնքի ներկայ իրավիճակին, դիմագրաւած հարցերուն, ներկայ աշխատանքներուն ու իրագործելիք ծրագիրներուն, ապա շնորհաւորեց նոր անդամները եւ իր հայրական յորդորներն ու թելադրանքները փոխանցեց գալիք օրերու եկեղեցական ու ազգային տաղաւարներու առնչութեամբ, ինչպէս նաեւ գնահատեց Մոնթեպելլոյի համայնքն ու ազգային կառոյցներու գործունէութիւնը, թելադրելով յատկապէս վերակենսաւորել եկեղեցւոյ երիտասարդական ճամբարի ու ընդհանրապէս երիտասարդութիւնը ներգրաւելու ծրագիրներն ու ջանքերը: Ազգային վարչութեան անդամները եւս կատարեցին շինիչ առաջարկներ աւելի եւս ջերմացնելով գործակցական մթնոլորտը: Երեկոյի եզրափակումը կատարեց Առաջնորդ Սրբազանը իր հայրական օրհնութիւններուն միախառնելով առաջնորդական բարեմաղթութիւններ:

Close Menu

Categories