
Հինգշաբթի, 13 Փետրուար 2025-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի նախագահութեամբ, Էնսինոյի Ազգ. Ս. Նահատակաց Ֆերահեան վարժարանի բարձր կարգերու աշակերտներ առիթ ունեցան Տիկին Պասքալեւայի պատրաստած Soldiers of Land” արցախեան վաւերագրական ժապաւէնը դիտելու եւ զրոյց ունենալու հեղինակին հետ: Հանդիպման ներկայ էին Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան, Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանապետուհի՝ Տիկին Քնար Գորթոշեան եւ Խնամակալ Մարմինի գրասենեակէն Տիկին Թամար Թիւֆէնքեան:
Ձեռնարկին բացման խօսքը կատարեց աշակերտուհի Լոռի Կիտցինեան եւ ներկայացուց Տիկին Պասկալեւայի կենսագրութիւնն ու վաւերական լրագրողի ու ֆիլմ արտադրողի վաստակը: Այնուհետեւ, ականատեսի իր վկայութիւններով հանդէս եկաւ հայասէր լրագրողը եւ Արցախի ու արցախահայութեան՝ 1988-էն մինչեւ 1994 տեւած Արցախեան Պահանջատիրութեան վեցամեայ պատերազմի օրերն ու յաղթական աւարտի մանրամասնութիւններուն մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց՝ աշակերտներուն հետ ունեցած շինիչ զրոյցին ընդմէջէն, որուն ընթացքին հերոսական արցախահայութեան կեանքէն փրցուած կենդանի օրինակներով ան հրահրեց յաթանակի տարիներու կրակը:
Աշակերտութեան հետ հանդիպում-զրոյցը եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը՝ շեշտելով, որ «Հայոց պատմութիւնը դէպքերու շարան է, ուր կայ ե՛ւ պարտութիւն, ե՛ւ յաղթանակ, մինչ կարեւորը այն է, որ հայ ժողովուրդը ամուր մնայ իր գոյութենական պայքարին մէջ, չընկրկի, չտկարանայ, այլ միշտ ձգտի յաղթանակի»՝ նշելով, որ ներկայացուած ֆիլմը դասագիրք է ժամանակակից հայոց պատմութեան, հետեւաբար պէտք է սերունդներու տրամադրութեան յանձնել, այլ ոչ թէ սովորական ֆիլմի նման միայն մէկ անգամ դիտելով բաւարարուիլ: