Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ներկայացուցիչը Մեծ Պահոց Առիթով Այցելեց «Արարատ Տուն»

By March 8, 2024June 18th, 2024No Comments

Ուրբաթ, 8 Մարտ 2024-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի ներկայացուցիչ՝ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան, ընկերակցութեամբ Հոգեւոր հայրերու եւ սարկաւագներու, Մեծ Պահոց տօնին առիթով այցելեց Միշըն Հիլզի «Արարատ Տուն», ուր կատարեց արեւագալի ժամերգութիւն, աղօթեց եւ Սրբազան Հօր օրհնութիւններն ու բարի մաղթանքները փոխացեց հաստատութեան բնակիչներուն, տնօրէնութեան, բոլոր հիւանդապահներուն եւ պաշտօնէութեան:

Իր խօսքին մէջ, Հայր սուրբը նկատել տուաւ, որ պահեցողութիւնը մարդուս կեանքին մէջ հոգեւոր աճման կարեւոր շրջան է, որուն ընթացքին քրիստոնեայ անհատը յարութենական յոյսով ամրապնդուած՝ ինքնամարզումի ճամբով կ՛ենթարկուի տեսակ-տեսակ զրկանքներու եւ ժուժկալութեան: Այսպիսով ինքզինք իրագործելով՝ ան իբրեւ գիտակից քրիստոնեայ մարդ, պատրաստ կ՛ըլլայ դիմաւորելու Ս. Զատկուան խորհուրդն ու անոր յաղթական շնորհները, դիտել տուաւ ան:

Close Menu

Categories