Հինգշաբթի, 21 Մարտ 2024-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Արք. Տօնոյեանի ներկայացուցիչ՝ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան, այցելեց Փասատենայի Ազգ. Լ. եւ Յ. Թաւլեան մանկամսուր-մանկապարտէզ եւ զատկական տրամադրութիւններով շրջեցաւ կառոյցի բոլոր դասարանները, խորհրդակցեցաւ կառոյցի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմի անդամներուն հետ, այլեւ ծանօթացաւ անոնց աշխատանքին ու հետագայ ծրագիրներուն:
Մանկամսուրի քաղցրիկ մանուկներուն հետ զրոյցի պահուն, Հայր սուրբը բոլորին փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ս. Զատկուան օրհնութիւններն ու սրտագին բարեմաղթութիւնները: