Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ներկայացուցիչը Զատկուան Նախօրեակին Այցելեց Փասատենայի Ազգ. Լեւոն Եւ Յասմիկ Թաւլեան Մանկամսուր

By March 21, 2024June 18th, 2024No Comments

Հինգշաբթի, 21 Մարտ 2024-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Արք. Տօնոյեանի ներկայացուցիչ՝ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան, այցելեց Փասատենայի Ազգ. Լ. եւ Յ. Թաւլեան մանկամսուր-մանկապարտէզ եւ զատկական տրամադրութիւններով շրջեցաւ կառոյցի բոլոր դասարանները, խորհրդակցեցաւ կառոյցի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմի անդամներուն հետ, այլեւ ծանօթացաւ անոնց աշխատանքին ու հետագայ ծրագիրներուն:

Մանկամսուրի քաղցրիկ մանուկներուն հետ զրոյցի պահուն, Հայր սուրբը բոլորին փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ս. Զատկուան օրհնութիւններն ու սրտագին բարեմաղթութիւնները: