
Հինգշաբթի, 16 Մայիս 2024-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Ազգ. Առաջնորդարանի մէջ շարունակեց ընդունիլ համայնքային կառոյցներու ղեկավար մարմիններ եւ անհատ այցելուներ:
Շարքին առաջինն էր Կլենտէյլի Ազգ. Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան մանկամսուր-մանկապարտէզի վարիչ տնօրէնուհին եւ Ուսումանական մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւնը, ապա յաջորդաբար ան ընդունեց Գալիֆորնիա Քուրիըր թերթի սեփականատէր եւ խմբագիր Տիար Յարութ Սասունեանն ու Հայ Աւետարանական միութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ Վեր. Հենրիկ Շահնազարեանի, ընկերակցութեամբ Վեր. Սերոբ Մկրտիչեանի:
Ծանօթանալէ ետք խմբային ու անհատական այցելուներուն, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ծանօթացաւ իւրաքանչիւրին աշխատանքային առօրեային ու ծրագիրներուն, ապա ի դիմաց անոնց ջերմագին շնորհաւորանքներուն, հայրական իր օրհնութիւններն ու գործակցութեան բարի մաղթանքները փոխանցեց բոլորին, մեկնակէտ ունենալով համայնքային կեանքի առաւել զարգացումն ու բարգաւաճումը՝ բաղադրիչ բոլոր տարրերու գործօն մասնակցութեամբ անխտիր:
Յիշեցնենք, որ նորընտիր Առաջնորդ Սրբազանը կը շարունակէ ընդունիլ շնորհաւորական այցելութիւններ: Փափաքողները կրնան դիմել Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանատուն, որ ըստ յարմարութեան պիտի դասաւորէ պարտն ու պատշաճը (հեռաձայն` 818-248-1278 կամ ել-նամակով՝ info@westernprelacy.org):