Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի տնօրինումով, Ազգային Առաջնորդարանը հաստատած է երեք նոր յայտագիրներ՝ մասնաւորաբար հայ երիտասարդ ու նորահաս սերունդին մօտ քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութիւնը ներկայութիւն պահելու եւ զանոնք Աստուծոյ ճամբան առաջնորդելու նպատակով:
Ստորեւ կը ներկայացնենք նոր յայտագիրները.
Ա) «Ս. Գրային ծանօթութիւններ», կը ներկայացնէ Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան։
Բ) «Գրական դէմքեր» ՝ Սեդա Գրիգորեան։
Գ) «Կեանքիդ Արժէքը»՝ Ալեքս Սրկ. Գալայճեան։
Մեր հաւատացեալները սոյն յայտագիրներուն կրնան հետեւիլ առցանց՝ Ազգային Առաջնորդարանի (Armenian Prelacy of the Western United States) Դիմատետրի (Facebook) եւ Ինսթըկրամի (Instagram) կայքէջերուն վրայ: Միաժամանակ, անոնք կրնան այս յայտագիրներուն կրկնութիւնը տեսնել ամէն Կիրակի առաւօտեան սփռուող, Առաջնորդարանի «Եկեղեցին Հայկական» հեռատեսիլային ծրագրով: