Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հօր Տնօրինումով Փոքրիկներ Լուսաւորեցին Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Տօնածառը

By December 20, 2024No Comments

Շաբաթ, 14 Դեկտեմբեր 2024-ի երեկոյեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան, նախագահեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կանգնեցուած տօնածառի լուսաւորման արարողութեան, եւ այս առիթով իր շուրջ համախմբուած ժողովուրդին ուղղելով խօսքը՝ խրախուսեց հայ ընտանիքներու ներկայութիւնը շրջափակէն ներս եւ դիտել տուաւ, որ «ժողովուրդն է եկեղեցին եւ եկեղեցին՝ ժողովուրդը», ապա յորդորեց ներկաները ո՛չ միայն առողջ պահել ու շարունակել կիրարկել հայկական ընտանեկան սովորութիւնները ազգի կեանքէն ներս, այլեւ փոխանցել զանոնք իրենց զաւակներուն՝ իբրեւ հայկական ինքնութեան ոգի եւ ազգային գոյատեւման դրոշմ: Անդրադառնալով ուրախ մթնոլորտին, ան նաեւ մատնանշեց, որ ինչպէս որ իւրաքանչիւր մարդ անհատ իր տան մէջ տօնական ուրախ մթնոլորտ կը ստեղծէ եւ կը պահպանէ զայն, այդպէս ալ, մեր ընտանիքները ահա՛ եւ տօնական ուրախ մթնոլորտ կը ստեղծեն մեր եկեղեցւոյ եւ հաւաքական կեանքի մէջ իրենց սիրասուն զաւակներով ու թոռներով եւ իրենց ներկայութեամբ կը պահպանեն զայն:

Խօսքի աւարտին, Կաղանդի ու Ս. Ծննդեան երգերու հնչիւններու տակ, Գեղամ Արքեպիսկոպոս իր մօտ հրաւիրեց խմբուած ժողովուրդին մանկահասակ զաւակները եւ առաջնորդեց զանոնք, որպէսզի վառեն Նոր Տարին աւետող հսկայ տօնածառը: Սիրասուն փոքրիկներ մօտեցան տօնածառին եւ իրենց մանր թաթիկներով սեղմեցին լուսաւորման սարքը զարդարուն ծառին ու Ս. Ծննդեան խորհրդանիշ մեծադիր մսուրին՝ մանկական ուրախութեամբ լեցնելով տօնական մթնոլորտը:

Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, ընկերակցութեամբ եկեղեցւոյ Հոգեւոր տեսուչ Զարեհ Վրդ. Սարգիսեանին ու Քահանայ հայրերուն, շրջագայեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս տեղ գտած տօնական տաղաւարները եւ այս առումով եւս գնահատեց ժողովուրդին մասնակցութիւնը տօնավաճառին՝ ցուցադրուած տօնական զարդարանքներու, զարդէղէններու, հիւսուածեղէնի, ուտեստներու, արհեստագիտական ոլորտի, ձեռային աշխատանքներու եւ հայկական ասեղնագործութեան գունագեղ նմոյշներու, որոնց ազգային, պատմական ու աւանդական արժէքը դրուատելով Գեղամ Արքեպիսկոպոս նաեւ կատարեց խորհրդանշական գնում:

Close Menu

Categories