Սկիզբ իմաստութեան երկիւղ Տեառն է (Առակ 1.7)
Պատուարժան Տնօրէնութիւն,
Գոհութիւն եւ փառք կը վերառաքենք առ Հայրն մեր Աստուած, Որուն մաքուր ու կենարար շունչին ներքոյ գործելով՝ մենք բարեյաջող կ՛աւարտենք 2021-2022 կրթական տարեշրջանը եւս, հակառակ բոլոր տեսակի դժուարութիւններու:
Աստուածային օրհնութեանց կողքին, մեզի համար ներշնչող ուժ կը հանդիսանայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի «Սփիւռքի Տարի» հռչակումը, որուն առիթով Արեւմտեան Թեմը՝ Ազգային Առաջնորդարան, Ազգային վարչութիւն, Կրօնական ժողով, ծուխեր, կառոյցներ եւ հաւատացեալ ժողովուրդ, անհրաժեշտ է, որ Նորին Սրբութեան առաջադրած՝ վերակազմակերպման ծիրէն ներս, միահամուռ ջանքեր գործադրէ եւ ամէն բանէ առաջ ինքզինք վերագնահատէ իբրեւ ապրող ու գործող հաւաքականութիւն, ապա որդեգրէ աւելի՛ գիտակից, աւելի՛ ուժեղ հայ-քրիստոնեայ համայնքի մը վերածուելու նոր ծրագիրներ եւ աշխատելաոճ, ի պանծացումն Հայ Եկեղեցւոյ եւ ի բարգաւաճումն ազգի ու հայրենիքի, մեր բոլորին կեանքին մէջ:
Սփիւռք կը նշանակէ հայապահպանում, որ ամէն բանէ առաջ կ՛իրագործուի հայ դպրոցի գոյութեամբ, մինչ հայ դպրոցը է՛ ու կը մնայ սփիւռքահայ կեանքի ամրացման գերագոյն դարբնոց ու բերդ, որուն կռուանը հայ աշակերտն է, առաջնագոյն բարերարն ու մեծագոյն երաշխիքը՝ հայ ծնողը, զարգացումը ապահովողը՝ տնօրէնութիւնն ու ազգային դաստիարակութեան կերտիչ հայ մշակն ու ուսուցիչը, որոնք ձեռք-ձեռքի տուած՝ ազգային ծառայութիւն կ՛իրականացնեն, ազգին ապագա՛ն կը կերտեն:
Այսու, կ՛ողջունենք Արեւմտեան Թեմի մեր բոլոր վարժարանները, աշակերտութիւնը, ծնողները, կառոյցներն ու միաւորները, որոնք տարուէ տարի քիչ մը աւելի կը լարեն իրենց ուժը՝ իրենց կեանքին մէջ հայկականութիւնը մնայուն արժէքի վերածելու ուղղութեամբ: Իրաւամբ, պէտք է ըսել, որ Ազգային Առաջնորդարանը՝ որպէս կեդրոն ազգի, հպարտ է հայ տնօրէնին ղեկավարութեամբ, հայ ուսուցիչին անձնազոհութեամբ, հայ ծնողին կամեցողութեամբ, մեր աշակերտներուն հայ-քրիստոնեայ ինքնութեամբ, ինչպէս նաեւ բոլոր կամաւորներուն եւ բարեգործ հայորդիներուն նիւթական ու ոգեղէն ներդրումներով:
Կամօքն Երկինքին, մենք հաւատացո՛ղն ենք հայ ազգի փիւնիկեան վերյառնումին՝ Հայաստան, Արցախ, Սփիւռք:
Թող որ Աստուծոյ կեցուցիչ շունչը տիւ ու գիշեր ըլլայ հովանի մեր հայրենեաց եւ սփիւռքեան բոլոր հատուածներու ու համայնքի կեանքին մէջ, ամենազօր Յոյսը՝ մշտավառ, համազգային Սէրը՝ արարող ու լիառատ:
Քրիստոսաւանդ սիրով
Աղօթարար
Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Առաջնորդ
Ա.Մ.Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի
2021-2022