
Արցախն ու արցախցին մեր հոգիին, մեր կեանքին, մեր գործին, մեր մտքին մէջ են ամէն օր ու ամէն ժամ, քուն թէ արթուն, անոնք մեր աչքերուն առջեւ են տիւ ու գիշեր:
Արամ Առաջին Կաթողիկոսի հայրապետական կոչին ընդառաջ, ուրախութեամբ կ՛ուզենք յայտնել մեր ժողովրդեան, որ Արեւմտեան Թեմը 50 հազար տոլարի ($50,000) նոր յատկացում մը կը կատարէ Արցախին ու արցախցիին, որպէսզի այս յատկացումին ընդմէջէն Արցախի կարիքաւոր մանուկներն ու պատանիները կարենան Նոր Տարին նշել, իրենց անհրաժեշտ իրերն ու պիտոյքները, սնունդն ու հագուստեղէնը, նուէրներն ու խաղալիքները ունենալ եւ յուսավառ ու սիրալիր, մանկական անմեղ ժպիտով դիմաւորեն նոր՝ 2021 թուականը, գալիք օրերը:
Այսու կոչ կ՛ուղղենք մեր Թեմի բոլոր զաւակներուն, բարերարներուն, նուիրատուներուն եւ Արցախի ու արցախցիին օժանդակող բոլոր կազմակերպութիւններուն, որ իրենց ամանորեան նուէրներով ուրախացնեն արցախցի մանուկները եւ ընդմիշտ շարունակեն աջակցիլ աղէտահար Արցախին ու արցախցիին, որովհետեւ կարիքը մեծ է, եւ մեր ազգի վիրաւոր հատուածին ցաւը շատ խորն է: Այսօր Արցախը մեր ազգի բոլոր զաւակներուն աղաղակող խիղճն է: