Երեքշաբթի, 2 Մայիս 2023-ի երեկոյեան, Ազգային Առաջնորդարանի մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ հանդիպում մը՝ նախագահութեամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, ներկայութեամբ Քրեսենթա Հովիտի Հայ Առաքելական նոր եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերար՝ Տէր եւ Տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեան ամոլի, Ազգ. վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեանի, փոխ ատենապետ՝ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեանի, Կրօնական ժողովի անդամ՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեանի եւ Քրեսենթա Հովիտի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ ծխական շրջանի ատենապետ՝ Տիար Տիգրան Տէր Սարգիսեանի (բանաւոր պատճառով կը բացակայէր շրջանի Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան):
Նոր գնուած հողաշերտին վրայ գոյութիւն ունեցող եկեղեցական կառոյցին՝ իբրեւ Հայ Առաքելական եկեղեցի վերադասաւորման ու բարեզարդման կեդրոնական յանձնախումբ, ներկաները ունեցան իրենց առաջին հանդիպումը եւ աչալրջօրէն ու շրջահայեաց կերպով միատեղ քննեցին առաւելագոյն չափով ներկայ եկեղեցին հայկականացնելու, արդիականացնելու եւ զայն մեր կեանքէն ներս հոգեւոր գոհարի մը վերածելու կարելիութիւնները, ապա որոշուեցաւ համապատասխան ենթայանձնախումբեր յառաջացնել:
Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Առաջնորդ Սրբազանը, որ առաջին հերթին բարձր գնահատեց Մելքոնեան ամոլի ջերմեռանդ հաւատքն ու նուիրուածութիւնը Քրիստոսի եւ Հայ Եկեղեցւոյ նկատմամբ՝ ըսելով, որ ասոր պերճախօս վկայութիւնն է Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններու՝ սոյն կառոյցի գնման եւ հայացման գործին մէջ ցուցաբերած խանդավառութիւնը, ի յիշատակ իրենց հօր՝ Մելքոն Մելքոնեանի եւ ի պատիւ իրենց մօր՝ Անժել Մելքոնեանի:
Յայտնենք, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսի բարձր օրհնութեամբ, Քրեսենթա Հովիտի Հայ Առաքելական նոր եկեղեցին պիտի անուանուի Սրբոց Հրեշտակապետաց:
(Մանրամասնութիւնները՝ յաջորդիւ)