Չորեքշաբթի, 2 Դեկտեմբեր 2020ին, առաւօտեան ժամը 11ին, Արեւմտեան Ամերիկայի հոգեւոր հայ առաջնորդները՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Գերպ. Տ. Միքայէլ Եպս. Մուրատեան, Վեր. Պերճ Ճամպազեան, շնորհաւորական եղբայրական այցելութիւն մը տուին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի նորընտիր Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի: Անոնք իրենց աղօթաբոյր մաղթանքները փոխանցեցին Սրբազան Հօր եւ յաջողութիւն, ուժ եւ կորով մաղթեցին անոր, ծառայական իր առաքելութեան մէջ:
Շուրջ երկու ժամ տեւած այս այցելութեան ընթացքին հոգեւոր առաջնորդները անդրադարձան այսօրուան մեր հայրենական եւ ազգային կեանքը յուզող երեւոյթներուն՝ շեշտելով, որ պէտք է մնայուն կերպով տէր դառնալ գաղթական արցախահայութեան, յատկապէս անոր մարդասիրական կարիքները հոգալու առումով:
Այս հանդիպման ընթացքին ընդգծուեցաւ նաեւ կարեւորութիւնը աւելի սերտ յաճախականութեամբ միացեալ աղօթքներ եւ եկեղեցական արարողութիւններ կազմակերպելու՝ յանուն մեր ժողովուրդի մխիթարական սփոփանքին եւ ծաղկումին: