
– ԱԶԳ. Վ. ԵՒ Ա. ՇԱՄԼԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԸՆԴԱՐՁԱԿՈՒՄ
– ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ՆՈՐ ԵԿԵՂԵՑԻ ՔՐԵՍԵՆԹԱ ՀՈՎԻՏԻ ՄԷՋ
Երեքշաբթի, 21 Փետրուար 2023-ի յետմիջօրէին, Ազգ. Առաջնորդարանի գործունէութեան ծիրէն ներս արձանագրուեցաւ կարեւոր նոր իրագործում, երբ նոյն վայրին մէջ, հրաւէրով եւ նախագահութեամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, տեղի ունեցաւ Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանի ընդարձակման առնչուող յատուկ հանդիպում, որուն ներկայ եղան Ազգ. վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեան, ատենադպիր եւ Խնամակալ մարմինի հետ կապ՝ Տիար Ճորճ Չորպաճեան, անդամ՝ Տիար Գեւիկ Պաղտասարեան, Ազգ. վարժարաններու Խնամակալ մարմինի ատենապետ՝ Իրաւ· Տիար Սարգիս Ուրֆալեան, Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան վարժարանի տնօրէնուհի՝ Դոկտ. Տիկին Թալին Քարկոտորեան եւ վարժարանի Ուսումնական մարմինի ատենապետ Տիար Արթին Ղազարեան:
Հանդիպման ընթացքին Առաջնորդ Սրբազանը առաջին հերթին իր ուրախութիւնը յայտնեց այն մասին, որ Ազգ. Առաջնորդարանի կողմէ տարուած քանի մը ամսուան հետապնդում ու աշխատանք իրենց բարերար արդիւնքը տուին եւ ահա՛ Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան վարժարանի ընդարձակման անյետաձգելի հրամայականը դարձուցին իրականութիւն՝ վարժարանի մեծ ընտանիքի ու բարերար նուիրատուներու նիւթական աջակցութեամբ գնելով դպրոցին հանդիպակաց 2.3 արտավար հաշուող հողատարածքը: Վեցուկէս միլիոն ($6,500,000) տոլար արժող այս նոր կալուածին վրայ կայ նաեւ եկեղեցի մը, որ որոշ բարեփոխումներէ ետք, մօտիկ ապագային պիտի դառնայ Քրեսենթա հովիտի եւ շրջակայ քաղաքներու հայ բնակչութեան հոգեւոր կարիքներու բաւարարման կեդրոն, ընդգծեց Առաջնորդ Սրբազանը:
Արտայայտուած միտքերէն վերաշեշտուեցաւ, որ հողատարածքի ընձեռած կարելիութիւնները անկիւնադարձային նշանակութիւն պիտի ունենան Ազգային Վ. եւ Ա. Շամլեան վարժարանի ընդարձակման եւ վարժարանի մեծ ընտանիքի զարգացման ու բարգաւաճման համար. նոր հողին վրայ շուտով իր դռները պիտի բանայ արդիական նոր մանկամսուր, գործել պիտի սկսի հայկական նոր եկեղեցի, որոնք պիտի ծառայեն Քրեսենթայի բարձունքներուն, այլեւ Թահանկա, Սանլանտ եւ Շատօ Հիլզ քաղաքներու մէջ հետզհետէ աւելի բազմացող ու ընդարձակող հայ գաղութի հոգեւոր, ազգային ու կրթական կեանքի լաւագոյնս կազմակերպման ու աշխուժացման, նկատի առած, որ Ազգային Վ. եւ Ա. Շամլեան վարժարանի աշակերտութեան թիւը վերջին տարիներուն յարատեւ աճ արձանագրած է: Հետեւաբար, վարժարանը ընդարձակելը անհրաժեշտութիւն մըն էր:
Նոր հողատարածքը կը գտնուի վարժարանին դէմ յանդիման, Լոէլ (Lowell) փողոցի վրայ: Հսկայական այս ծրագիրը իրականութիւն դարձաւ շնորհիւ անխոնջ հետապնդման՝ գլխաւորաբար Առաջնորդ Սրբազանին, Ազգ. Վարչութեան, Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ մարմինին, Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան Վարժարանի Ուսումնական մարմինի անսակարկ ճիգերուն ու հայկական վարժարանի եւ եկեղեցւոյ առաքելութեան հաւատացող գաղութի առատաձեռն երկու բարերար ընտանիքներու:
Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ Թորգոմ Եպիսկոպոս նաեւ սրտագինս շնորհաւորեց Քրեսենթա Հովիտի ողջ հայ ժողովուրդը, մօտիկ ապագային ե՛ւ նոր մանկամսուր, ե՛ւ նոր եկեղեցի ունենալու այս շքեղ առիթին համար, զոր կոչեց «Արեւմտեան Թեմէն ներս նոր ու փայլուն արեւածագ», ապա կոչ ուղղեց բոլոր-բոլորին՝ զանազան ձեւերով իրենց ամբողջական եւ բոլորանուէր զօրակցութիւնը բերելու հայկական, եկեղեցական եւ կրթական ամենավսեմ նպատակին ծառայելու միտուած՝ Ազգ. Առաջնորդարանի այս նորագոյն իրագործման եւ հայահոծ Քրեսենթա շրջանի մէջ նման օգտաշատ կեդրոնի մը շուտափոյթ կենսաւորման:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ