Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր էջ (Լուրերու լուսարձակ)Գլխաւոր ԼուրերԼուրերու լուսարձակ

Արեւմտեան Թեմը Հանդիսաւոր Շուքով Տօնեց Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը

By January 9, 2025January 17th, 2025No Comments

Երկուշաբթի, 6 Յունուար 2025-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան ամէնամեայ տօնը, Հայ Եկեղեցւոյ եւ իր զաւակներուն շնորհելով Հոգեւորին մէջ աճման եւ հաւատքի մէջ ամրապնդման նորոգ առիթ, լեցուն երկնային բարիքներով:

Արեւմտեան Թեմի Առաջորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց, քարոզեց եւ ջրօրհնէք կատարեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուր ներկայ եղան Ազգ. վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեան, ազգային բարերար Տէր եւ Տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններ, եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքի անդամներ եւ ժողովրդային հոծ բազմութիւն:

Ս. խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ Հոգեւոր հայրերէն՝ Արժ. Տ. Կոմիտաս Աւ. Քհնյ. Թորոսեան եւ Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան, սարկաւագներ, դպիրներ եւ երգեցիկ խումբը, Ս. Ծննդեան շարականներուն ընդմէջէն խորհուրդի ոգին տարածելով հայութեան կեանքին մէջ:

Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը քարոզեց Յիսուս Քրիստոսի ծնունդով մարդ արարածին ընձեռուած վերանորոգութեան երկնային առիթին մասին՝ վեր առնելով կարեւորութիւնը Քրիստոսով նոր մարդ դառնալու անհրաժեշտութեան, ապա բացատրեց, թէ ինչո՛ւ Հայ Եկեղեցին ամէն տարի Յունուար 6-ին կը տօնէ մանուկ Յիսուսի ծնունդը եւ դիտել տուաւ, որ Յիսուս Քրիստոսի Առաքեալները երբ քրիստոնեայ եկեղեցին կանոնակարգեցին, Յունուար 6-ը ճշդեցին իբրեւ Տիրոջ ծննդեան եւ մկրտութեան թուական: Այս մասին իր ուրախութիւնը յայտնելով՝ ան նաեւ նշեց, որ Հայ Եկեղեցին առաջին օրէն մինչեւ այսօր անխափան կը պահէ Յունուար 6-ը՝ իբրեւ Քրիստոսի ծնունդն ու մկրտութիւնը՝ աւելցնելով հետեւեալը. «Այսօր, քրիստոնէական առաջին տօներէն Աստուածայայտնութիւնը հայկական տօն կը նկատուի, շնորհիւ մեր եկեղեցական աւանդութեանց նկատմամբ մեր հաստատ կեցուածքին, ինչպէս նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ կանոններուն նկատմամբ մեր հայրապետներուն ցուցաբերած բծախնդրութեան»:

Շարունակելով, ան յորդորեց ներկաները՝ մեր առջեւ բացուած նոր տարեշրջանը սկսիլ Ս. Ծննդեան տօնին մասին խորհրդածութեամբ, «որովհետեւ Յիսուս Քրիստոսի աշխարհ գալուն նպատակը, ըստ մարդը փրկելու Աստուծոյ ծրագիրին, նոյնինքն մարդն էր, մարդուն նորոգութիւնն էր, մարդը, որ չարացած եւ հեռացած էր իր աստուածային բնութենէն: Հետեւաբար, Աստուած իր միակ Որդին ղրկեց աշխարհ, որպէսզի փրկէ մարդը յաւիտենական կորուստէ», հաստատեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ կոչ ուղղեց ներկաներուն՝ սրբագրելով նորոգել ինքզինք եւ աւելի մարդկային ու աւելի մաքուր մարդ դառնալ յատկապէս իր նմանին նկատմամբշ ու մանաւանդ փորձել աւելի եւս մօտենալ Աստուծոյ»:

Յընթացս Պատարագի, Գեղամ Արքեպիսկոպոս կատարեց ջրօրհնէք՝ իբրեւ խորհրդանիշը մեր Տէր Յիսուսի մկրտութեան՝ ըսելով. «Յիսուս Քրիստոս մկրտութեան կարիք չունէր, այլ զայն մեզի համար հաստատեց, որպէսզի մարդուն վերանորոգութիւնը Քրիստոսով՝ սկսի մկրտութեամբ: Մենք մկրտութեամբ է, որ կը միանանք եկեղեցւոյ, իսկ եկեղեցւոյ գլուխը Քրիստոս ինքն է»: Այնուհետեւ ան Ս. Ծննդեան ողջոյն տուաւ Արեւմտեան Թեմի մեծ ընտանիքի բոլոր զաւակներուն եւ բարի աւետիսը փոխանցեց ներկաներուն, որոնք Ս. Պատարագի աւարտին, երգեցիկ խումբի առաջնորդութեամբ ցնծագինս մեկնաբանեցին Ս. Ծննդեան շարականներն ու Կիլիկիոյ մաղթերգը, ապա՝ վերանորոգուած, ինչպէս նաեւ օրհնուած ջուրով եւ երկնային բարիքներով լիացած՝ արտօրացին դէպի իրենց տուները:

Close Menu

Categories