Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Արեւմտեան Թեմը Նշեց Ս. Ստեփանոս Սարկաւագի Տօնը

By December 29, 2020June 18th, 2024No Comments

Նախագահութեամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, Շաբաթ, 26 Դեկտեմբեր 2020ի առաւօտեան ժամը 11ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Ս. Ստեփանոս Նախավկայ Սարկաւագի տօնը, մասնակցութեամբ Արեւմտեան Թեմի հոգեւորականաց, սարկաւագաց եւ կիսասարկաւագաց դասերուն, որոնք Քրիստոսի համար նահատակուած առաջին վկայի յիշատակը ոգեկոչեցին ջերմեռանդ աղօթքներով ու լուսազարդ շարականներու երգեցողութեամբ: Համացանցի ճամբով եւ եկեղեցւոյ դիմատետրի կայքէջով հանդիսութիւնը դիտեցին բազում հաւատացեալներ, որոնք համաճարակային ներկայ օրերու օրէնքներուն հիմամբ թէեւ տակաւին զրկուած կը մնան եկեղեցւոյ Պատարագներուն ու արարողութեանց ներկայութիւն ըլլալէ, սակայն մեծապէս ուրախ են, որ իրենց գտնուած վայրերուն մէջ առցանց կրնան հետեւիլ եկեղեցւոյ հոգեւոր գործունէութեան:

Որքան սքանչելի էր տեսնել Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին երկու վարդապետներ, 14 քահանաներ, 32 սարկաւագներ, 18 կիսասարկաւագներ, որոնք բոլորով միասին աղօթքի միութեամբ կանգնեցան Աստուծոյ օրհնեալ խորանին առջեւ եւ Սրբազան Հօր խօսած պատգամին ընդմէջէն իրենց ուխտը վերանորոգեցին: Սրբազան Հայրը իր խորհրդածութիւնը փոխանցեց ծանրանալով ծառայասիրութեան եւ յիսուսասիրութեան վրայ, շեշտելով, որ սարկաւագը ծառայասէր կ՛ըլլայ: «Ծառայելը շնորհք մըն է տրուած Աստուծմէ՝ մարդուն. Յիսուս ի՛նք եւս իր երկրաւոր կեանքի ընթացքին ըսաւ. Ես չեմ եկած ծառայութիւն ստանալու, հապա ես եկած եմ ծառայութիւն բերելու: Յիսուսի օրինակով՝ Ստեփանոս Սարկաւագ ծառայասէր էր եւ Ստեփանոսին օրինակով դո՛ւք՝ որպէս նոր օրերու Ստեփանոսներ, հրաւիրուած էք մնայուն կերպով դուք ձեզ արժեւորելու՝ ծառայասիրութեամբ»:

Յիսուսասիրութեան մասին խօսելով՝ Սրբազան Հայրը ըսաւ, որ Ստեփանոս այնքան կը սիրէր Յիսուսը, որ Յիսուսի խօսքերը կ՛ապրեցնէ իր կեանքին մէջ: Դիմելով ներկաներուն՝ իբրեւ Ստեփանոսի հետեւորդները, Սրբազան Հայրը բոլորին թելադրեց Նախավկայ Սուրբին պէս անմնացորդ սիրով սիրել Յիսուսը եւ անոր խօսքերն ու միտքերը, խրատներն ու յորդորները վերածել կեանքի, ապրիլ ու ապրեցնել զանոնք, որովհետեւ ծառայասէրն ու յիսուսասէրը մի՛շտ Աստուծմէ օրհնութիւն կը ստանան:

Close Menu

Categories