Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Արեւմտեան Թեմը Նշեց Տեառնընդառաջի Նախատօնակը

By February 19, 2026No Comments

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Նախագահեց
Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ
Եւ Տեառնընդառաջը Կոչեց «Հայ Քրիստոնեայ Ընտանիքին Տօնը»

Ուրբաթ, 13 Փետրուար 2026-ի երեկոյեան, Արեւմտեան Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս յատուկ ժամերգութեամբ նշուեցաւ՝ երկրային իր կեանքին քառասուն օրերը բոլորած մանուկ Յիսուսի, Սիմէոն Ծերունիի ձեռամբ տաճար ընծայման՝ Տեառնընդառաջի նախատօնակը:

Հոգեւոր արարողութեան ներկայ եղան հաւատացեալներու հոծ բազմութիւններ, ծնողներ եւ մեծ ծնողներ, որոնք իրենց մանուկ զաւակներն ու թոռները Աստուծոյ ներկայութեան բերին եւ աւանդութեան համաձայն՝ զանոնք ընծայեցին Աստուծոյ, որպէսզի իրենց սիրասուն ձագուկները աճին ու մեծնան Տիրոջ օրհնութեամբ, ապրին աստուածահաճոյ կեանքով ու ծառայեն եկեղեցւոյ:

Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, նախագահեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ երեկոյեան ժամերգութեան եւ աւուր պատշաճի քարոզեց՝ եկեղեցին լեցուցած հոծ բազմութեան ներկայացնելով տօնին խորհուրդը եւ գնահատելով դահլիճը լեցուցած ծնողներն ու մեծ ծնողները, որոնք իրենց մատղաշ զաւակներն ու թոռները եկեղեցի կ՛առաջնորդեն եւ զանոնք Ամենակալ Տիրոջ կը նուիրեն: Իր խօսքին մէջ, Գեղամ Արքեպիսկոպոս նաեւ ընդգծեց կարեւորութիւնը հայ եկեղեցւոյ աւանդական սովորութիւններուն ու տօնախմբութիւններուն եւ թելադրեց ներկաները առաւել հաւատքով, երկիւղածութեամբ ու սիրով հետեւիլ ու ներկայ ըլլալ հայ ազգային եկեղեցւոյ հոգեւոր, ազգային ու մշակութային տօներուն եւ տաղաւարներուն:

Իր պատգամին մէջ Գեղամ Արքեպոսկոպոս նկատեց, որ Տեառնընդառաջի տօնը հիմնուած է երկու արժէքներու վրայ՝ նախաքրիստոնէական ժողովրդային դարաւոր արմատներուն ու Քրիստոսի լոյս հաւատքի արմատներուն վրայ, ապա, այս առիթով յայտարարեց, որ՝ «Տեառնընդառաջը հայ քրիստոնեայ ընտանիքի տօնն է»:

Այնուհետեւ, Հոգեւոր հայրերու ճամբով, ծնողներ իրենց զաւակները ընծայաբերեցին Աստուծոյ տաճարին եւ յետ արարողութեան, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ ներկայ եղան ժողովրդային աւանդական խարուկահանդէսին, ապա Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եկեղեցւոյ խորանէն վառելով մոմ՝ Քրիստոսի լոյսը մատուցեց ժողովուրդի զաւակներուն, որոնք իրենց մոմերը բռնկեցուցին Հոգեւոր լոյսէն եւ ճաճանչներ տարին իրենց տուները:

Close Menu

Categories