
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Հանդիսապետեց Կլենտէյլի
Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Արարողութեան
Հինգշաբթի, 13 Փետրուար 2025-ի երեկոյեան, Արեւմտեան Թեմի բոլոր եկեղեցիները նշեցին քառասնօրեայ Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման տօնը, եւ հակառակ տեղատարափ անձրեւին ու աննպաստ կլիմային, հաւատացեալ ծնողներ իրենց մանկատի զաւակները առաջնորդեցին եկեղեցի եւ զանոնք ընծայեցին Աստուծոյ տաճարին, ի հետեւումն աստուածաշնչեան այն դրուագին, ուր Սիմէոն Ծերունին քառասնօրեայ Մանուկ Յիսուսը Մարիամէն իր գիրկը առաւ՝ Աստուծմէ խնդրելով, որ վերջ տայ իր ծերունազարդ կեանքին, որովհետեւ, Ս. Հոգիին կողմէ խոստացուածին պէս ան Աստուծոյ որդին, այսինքն՝ կեանքի լոյս Քրիստոսը տեսած ու գրկած ըլլալով, պատրաստ էր խաղաղութեամբ հեռանալու այս կեանքէն:
Արարողութեան ներկայ եղաւ Ազգ. վարչութեան ատենադպիր՝ Տիար Ճորճ Չորպաճեան:
Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Տեռնընդառաջի տօնը նշեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ եւ աստուածաշնչեան այս դրուագը դարձուց իր պատգամին միտք բանին` ըսելով, որ Աւետարանը Յիսուսի Քրիստոսի կենսագրութիւնը չէ, այլ՝ Աւետարանիչները արձանագրեցին Յիսուսի երկրաւոր կեանքի այն դրուագները, ուր Յիսուս իր քարոզած արժէքներուն մասին թելադրութիւններ կ՛ընէ մարդոց, որպէսզի ապրին համաձայն Աստուածորդիին ցուցմունքներուն:
Նշելով կարեւորութիւնը Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման դրուագին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը խօսեցաւ Հին Ուխտի համաձայն այն սովորութեան մասին, ըստ որուն, իւրաքանչիւր անդրանիկ զաւակ Տիրոջ կը պատկանէր, հետեւաբար, պէտք էր այդ զաւակը ընծայուէր Աստուծոյ տաճարին: Բայց, որպէսզի իրենց զաւակը ետ տուն բերէին, ծնողներ պէտք էր, որ իրենց անդրանիկին փոխարէն ընծայ մը նուիրէին, կամ կենդանի մը ընծայաբերէին տաճարին: Այս աւանդութիւնը իբրեւ բարոյական դաս արժեւորելով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ մարդիկ պէտք է գիտակցին Աստուծոյ կողմէ իրենց իբրեւ պարգեւ տրուած զաւակներու արժէքին՝ դիտել տալով, որ Սիմէոն Իմաստուն անմիջապէս որ գրկեց Մանուկ Յիսուսը՝ գիտակցեցաւ եւ վկայեց Աստուծոյ կողմէ աշխարհին տրուած Փրկիչի՛ խոստումին մասին:
Անդրադառնալով տօնին, Գեղամ Արքեպիսկոպոս նշեց, որ Տեառնընդառաջը ծնողական դաստիարակութեան տօն է, որպէսզի անոնք պարտաճանաչօրէն կատարեն իրենց պարտականութիւնը իրենց զաւակներուն նկատմամբ, ապա, նշելէ ետք, որ տօնը հարուստ է նաեւ աւանդական սովորութիւններով՝ աւելցուց, որ Տեառնընդառաջի տօնը կապ չունի խարոյկին ու խարուկահանդէսին հետ, այլ՝ Քրիստոսի լոյսն է, որ կը մատնանշէ՝ ըսելով, որ «խարոյկը պարզապէս հազարամեայ արմատ ունեցող հայկական սովորութիւն է, մեզ կը յիշեցնէ նախաքրիստոնէական հայ կեանքը, եւ մեզ մեր արմատներուն կը կապէ», եւ իր խօսքը եզրափակեց հետեւեալ բառերով. «Ան որ Քրիստոսի լոյսը կը ճանչնայ, ինքզինք կառչած չի պահեր նիւթական խարոյկին ու կրակի գոյութեան»:
Այնուհետեւ, Հոգեւոր հայրերու ճամբով, ծնողներ իրենց զաւակները ընծայաբերեցին Աստուծոյ տաճարին:
Յընթացս արարողութեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի խմբապետական կազմերու ներկայութեան եւ ըսաւ, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը ըլլալով մարմնակրթական միութիւն, է՛ նաեւ մարդակրթական միութիւն, որուն դրօշին տակ կը դաստիարակուին հայ երիտասարդ սերունդներ:
Յիշատակի նկարներ առնելէ ետք, սկաուտական խումբերն ու պատասխանատու կազմը, գլխաւորութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, մասնակից դարձան եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան կողմէ կազմակերպուած Սիրոյ սեղանին: Այս առիթով, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջ. վարչութեան ատենապետ Փիեռ Մանուկեան շնորհակալութիւն յայտնեց Գեղամ Արքեպիսկոպոսի՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի նկատմամբ ցուցաբերած հոգածութեան համար, ապա զայն պատուեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի խորհրդանիշ վահանի կրծքազարդով:
Աւարտին, ի պատիւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, սկաուտական շքերթը երգեց Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան «Ով հայ արի» քայլերգը: