
Երկուշաբթի, 9 Փետրուար 2026-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան նախագահեց, Ս. Ղեւոնդեանց տօնին առիթով կազմակերպուած Հոգեւորականաց համագումարին, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ համալիրէն ներս, ներկայութեամբ Լոս Անճելըսի միաբան հայրերու:
Համագումարին բացումը կատարուեցաւ եկեղեցւոյ մէջ ժամերգութեամբ, որմէ ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց հոգեւոր խորհրդածութիւն՝ բնաբան ունենալով Եզեկիէլ Մարգարէի գիրքին 3-րդ գլխուն 17 եւ 18 համարները, ուր կ՛ըսուի. «Մարդո՛ւ որդի, քեզ դէտ կարգեցի Իսրայէլի տան: Երբ խօսք մը լսես իմ բերանէս, զանոնք զգուշացո՛ւր իմ կողմէս: Երբ ամբարիշտին ըսեմ. «Անշուշտ պիտի մեռնիս», բայց դուն զայն չզգուշացնես, ամբարիշտին չխօսիս որ խրատուելով իր վատ ընթացքէն հեռանայ եւ ողջ մնայ, այդ ամբարիշտը իր անօրէնութեան մէջ պիտի մեռնի, բայց անոր արիւնը քու ձեռքէդ պիտի պահանջեմ»:
Այնուհետեւ, եկեղեցւոյ սրահին մէջ ընթացք առաւ աշխատանքային առաջին նիստը, որ Առաջնորդ Սրբազան Հօր ողջոյնի խօսքէն ետք քննարկման առարկայ դարձուց Մեծ Պահոց եւ տօնական օրերու արարողակարգերու, ինչպէս նաեւ եկեղեցիներու անուանակոչութիւններու, տօնախմբութիւններու եւ ձեռնարկներու ներդաշնակութեան հարցը, ապա լսեց ժողովական հայրերուն կարծիքները եւ կատարեց եզրայանգումներ:
Կէսօրին, համագումարի մասնակիցները հիւրը եղան Հոգաբարձութեան կազմակերպած ճաշին, որմէ ետք սկիզբ առաւ Կրօնական ժողովի ատենապետ՝ Տ. Գարեգին Աւ. Քհնյ. Պետուրեանի խորհրդածութիւնը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի 2026 տարուան «Հոգեւոր կեանքի վերանորոգման տարի» հռչակագիրին մասին, ապա քննարկման առարկայ դարձան քրիստոնէական դաստիարակութեան առնչուող հարցեր, ինչպէս՝ Աստուածաշունչի սերտողութիւն, Կիրակնօրեայ վարժարաններ, «Կենաց Հաց» հոգեւոր շաբաթաթերթ եւ հեռատեսիլային «Եկեղեցին Հայկական» կիրակնօրեայ ծրագիրը:
Քննարկումներու վերջին բաժինով, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Զարեհ Ծ. Վրդ. Սարգիսեան ներկայացուց New Born աղանդաւորական շարժումը իբրեւ մտահոգիչ երեւոյթ եւ շեշտեց, որ այս շարժումը խոտոր կը համեմատի Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ դաւանանքին եւ անհրաժեշտ է, որ այս մասին լուսաբանութիւններ կատարուին մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որպէսզի հեռու մնան հոգեւոր սայթաքումներէ եւ չշեղին ուղղափառ հաւատքէն: Այս բաժինով նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ կազմակերպչական, կարգապահական եւ հովուական ծառայութիւնները աւելի բարձրորակ ու նպատակասլաց ոճով վարելու մասին:
Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եզրափակեց համագումարը՝ թելադրելով, որ հոգեւորականները շարունակեն իրենց աշխատանքները կատարել նախանձախնդիր մօտեցումով եւ բծախնդրօրէն, ապա աղօթքով ու հայրական օրհնութիւններով փակեց համագումարը:






