Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի գլխաւորութեամբ, Թեմը ներկայացնող 15 պատգամաւորները ներկայութիւն են Մայրավանքի մէջ գումարուող Ազգային Ընդհանուր ժողովին, ուր կը քննուին ընդհանրապէս հայ կեանքը յուզող հարցեր եւ, մասնաւորաբար, լիբանանահայութեան զօրակցութեան շարունակականութեան անհրաժեշտութիւնը:
Յայտնենք, որ անցեալ երկու տարիներու ընթացքին, Ազգային Առաջնորդարանի նախաձեռնութեամբ եւ անդուլ ջանքերով, աւելի քան երկու միլիոն տոլար ($2,000,000) յատկացուեցաւ տնտեսական ահաւոր տագնապ դիմագրաւող լիբանանահայութեան, վերջինիս անհատնում կարիքները ըստ կարելւոյն բաւարարելու նպատակով: