– ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. «ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԸ ԱՐԺԱՆԻ Է
«ԲԱՐԵՐԱՐ ԹԵՄ» ԿՈՉՈՒԵԼՈՒ ՊԱՏԻՒԻՆ»
-ԹՈՐԳՈՄ ԱՐՔ. «ԲՈԼՈՐՍ ԿՈՉՈՒԱԾ ԵՆՔ ԱՆՄՆԱՑՈՐԴ ԶՕՐԱԿՑԵԼՈՒ
ՄԵՐ ՆՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԻՆ»
Կիրակի, 5 Մայիս 2024-ի առաւօտեան, տօնական մթնոլորտ կը տիրէր Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուր Արեւմտեան Թեմի նորընտիր Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ներկայութեամբ՝ Գերշ. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի եւ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Արք. Տօնոյեանի, կատարեց եպիսկոպոսական անդրանիկ Ս. եւ անմահ Պատարագ եւ առաջնորդական առաջին պատգամը փոխանցեց Տիրոջ տունը լեցուցած բազմահարիւր հաւատացեալներու, որոնք հոգեպարար արարողութեան առընթեր լսեցին նաեւ Առաջնորդ Սրբազանի անդրանիկ պատգամը եւ վկան հանդիսացան Ս. խորանին վրայ առաջնորդական ասայի փոխանցման՝ Թորգոմ Սրբազանէն Գեղամ Սրբազանին: Դիւթիչ էր պահը՝ եղբայրօրէն ջերմ ու սիրալիր, իսկ փոխանցումը՝ հեզասահ ու ամբողջական, ինչպէս դիտել տուաւ Գեղամ Արքեպիսկոպոս իր խօսքին մէջ՝ ըսելով. «Սիրելի Սրբազան կրտսեր եղբայր, առաջնորդական ասան այսքան անմնացորդ ու ամբողջական յանձնելով մեզի, Դուք յանձնած եղաք Ձեր օրերուն բարգաւաճման նոր ցնծութիւն ապրած պատմաստեղծ աւանդ մը՝ Արեւմտեան այս Թեմը, իր պատուական ժողովուրդով»:
Յընթացս արարողութեան, Ս. խորանին սպասարկեցին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան եւ հիւրաբար ներկայ՝ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Լօշխաճեան, մինչ ծիսական արարողութիւնը կազմակերպեց եկեղեցւոյ Հոգեւոր տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան, ինչպէս նաեւ սարկաւագներ, դպիրներ եւ երգեցիկ խումբը: Արարողութեան ներկայ եղան Արեւմտեան Թեմի Հոգեւորականաց դասի ներկայացուցիչներ, Ազգային եւ Կեդրոնական վարչութեանց անդամներ, Ազգ. երեսփոխաններ, եկեղեցւոյ հոգաբարձական կազմը, շրջանի ղեկավար մարմիններու, միութիւններու, կառոյցներու ներկայացուցիչներ եւ անդամներ, Ազգ. վարժարաններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ հաւատացեալ հոծ բազմութիւն մը, որոնք հաղորդ դարձան Արեւմտեան Թեմի նոր Առաջնորդ՝ Գեղամ Արքեպիսկոպոսի անդրանիկ պատգամին, որ առաջին հերթին, Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած միլիոն ու կէս նահատակներու աւանդը հայ-քրիստոնեայ նոր սերունդներու կեանքին մէջ կենդանի պահելու հրամայականը հնչեցուց, ապա աւուր պատշաճի անդրադարձաւ Արեւմտեան Թեմի նոր Առաջնորդ ընտրուելու պատասխանատուութեան՝ իբրեւ առաջնորդական ծառայութեան երրորդ շրջան, Լիբանանի մէջ՝ 18, իսկ Յունաստանի մէջ եօթը տարուան ծառայութենէ ետք: Արեւմտեան Թեմի բարեմասնութիւնները նկատի առած՝ նորընտիր Առաջնորդը նշեց. «Երկու տարբեր Թեմերու մէջ փորձառութիւն ամբարած եւ ընդհանրապէս քաջածանօթ ըլլալով բոլոր Թեմերու աշխատանքներուն եւ իբրեւ Ազգ. Կեդրոնական Կրօնական ժողովի համաատենապետ, այսօր՝ իբրեւ Ձե՛ր Առաջնորդը, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ խորանէն կը յայտարարեմ, որ Արեւմտեան Թեմի տարեգրութեանց մէջ արձանագրուած՝ ազգաշէն ծրագիրներու իրագործման համար Ձեր բարերարութիւնները նկատի առած, արժանի՛ է, որ այս Թեմը, մեր բոլորին սիրելի Արեւմտեա՛ն Թեմը «բարերար Թեմ»ի պատիւը ունենայ: Որովհետեւ, այս Թեմը ո՛չ միայն իր սահմաններէն ներս, այլեւ իր սահմաններէն շա՜տ անդին, իր բարերարութեան բարիքները հայթաթեց եւ կը շարունակէ հայթայթել, ինչպէս՝ Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին, Հայաստանին, Արցախին եւ հայաշատ տարբեր համայնքներու, յատկապէս վերջին տարիներուն, երբ Միջին Արեւելքի մեր երկու գաղութները՝ կաթողիկոսանիստ Լիբանանի եւ Սփիւռքի մայր գաղութ Սուրիոյ հայ հատուածները տնտեսական եւ քաղաքական ծանրագոյն պայմաններու տակ գտնուեցան, դիմագրաւեցին փլուզման վտանգ եւ մատնուեցան կորուստներու, Արեւմտեան Թեմի սրտաբուխ եւ առատաբուխ նուիրաբերումներն ու մեծհոգի բարերութիւնները կեանքի շունչ տուին անոնց, ի վերականգնումն շնչահեղձ ըլլալու վտանգին ենթարկուած մեր ժողովուրդի զաւակներուն եւ յատկապէս ազգային հաստատութիւններուն»:
Սրտառուչ էր նորընտիր Առաջնորդ Սրբազանի գնահատական խօսքը ուղղուած Արեւմտեան Թեմի նախկին Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Արք. Տօնոյեանի. «Առաջնորդական ասան ստանձնման այս պահուն, կ’ուզեմ շնորհակալութեան արժանաւորագոյն արտայայտութիւններով ողջունել Ձեզ՝ սիրելի՛ Թորգոմ Արք. Սրբազան եղբայր եւ վստահ եմ, որ հարազատ թարգմանը եղած կ’ըլլամ ո՛չ միայն անձնապէս, այլեւ Թեմի համայն ժողովուրդին ու բոլոր հաւատացեալներուն անկեղծ ապրումներուն։ Ձեր առաջնորդական պատասխանատուութեան տարիներուն, երիտասարդական սանձակոտոր կորովով ու խանդով, ջերմեռանդ հաւատքով աւետարանի՛ քարոզչութեան, Քրիստոսի սիրոյ հո՛ւրը վառեցիք հաւատացեալներու հոգիներուն մէջ, գեղապաշտ խօսքի յափշտակութեամբ Ձեր վարարուն միտքերն ու յոյզերը շռայլեցիք ամէնուր եւ ամէն առիթով, եւ առաջնորդական յարաբերաբար կարճ ժամանակի ընթացքին, բազմաթիւ տարիներու տարողութեամբ մեծապէս գնահատելի՝ բացառիկ նոր էջե՛ր արձանագրեցիք Արեւմտեան Թեմի պատմութեան մէջ, ուր մելանը տակաւին չէ չորցած»:
Նոյնքան յուզիչ ու առինքնող էր նախկին Առաջնորդ Սրբազան՝ Թորգոմ Արք. Տօնոյեանի խօսքը, երբ վերջինս առաջնորդական ասան գորովալից ժպիտով փոխանցեց Գեղամ Սրբազանին, ապա արտասանեց սրտի խօսք՝ նշելով. «Արդարեւ, անցնող շուրջ չորս տարիներուն, որպէս Առաջնորդ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի, իմ սիրտս, իմ հոգիս, իմ կեանքս, իմ ապրումներս նոյնացուցի ընդհանրապէս մեր ազգի եւ մասնաւորաբար Արեւմտեան Ամերիկայի մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ, միշտ վայելելով Ձեր բոլորին զօրակցութիւնը, յարգանքն ու սէրը, որ իմ հոգիի կեանքին մէջ՝ որպէս կանթեղ ճշմարտութեան, միշտ լուսաւոր տեղ պիտի ունենայ իմ կեանքի բոլոր օրերուն» եւ դիտել տուաւ, որ վերջին քառամեակին եթէ որեւէ բարիք կամ օրհնութիւն յաջողած է բերել, ապա այդ իբրեւ գնահատանք ուղղուած չէ եղած իր անձին, այլ՝ միայն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու Հայ Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ՝ միաժամանակ շեշտելով, որ այսօր աստուածային ուշադրութիւնը ոչ թէ իր, այլ Գեղամ Արքեպիսկոպոս Խաչերեանի վրայ կը հանգչի՝ որպէս ընտրեալ նոր Առաջնորդ Արեւմտեան Թեմի եւ յորդորեց բոլոր ներկաները՝ հոգատար ըլլալ հայ եկեղեցւոյ բոլոր սպասաւորներուն նկատմամբ ընդհանրապէս եւ յատկապէս՝ ըլլալ ուշադիր, բծախնդիր ու զօրակցող, յարգել ու սիրել նոր Առաջնորդ Սրբազանը, որովհետեւ «Գեղամ Սրբազանին տրուած յարգանքը ես կը համարեմ ինծի ուղղուած»:
Գեղամ Սրբազանի առաջնորդական անդրանիկ պատգամը նաեւ երախտագիտական ձօն մըն էր ուղղուած Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ անոր արժանաւոր Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին, Արեւմտեան Թեմի կէսդարեայ կեանքի իրարայաջորդ թեմակալ առաջնորդներուն՝ երանաշնորհներ՝ Տ. Սմբատ Ս. Արք. Լափաճեանի, Տ. Եփրեմ Ս. Արք. Թապաքեանի, իսկ արեւշատութեան ու քաջառողջութեան բարեմաղթութիւններով՝ Գերշ. Տ. Տաթեւ Ս. Արք. Սարգիսեանի եւ Գերշ. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի, «որոնք իրենց ժամանակի հոգեւոր թէ աշխարհական բոլոր գործակիցներու եւ ազգայիններու հետ միասնաբար, ամբողջապէս նուիրաբերուելով՝ փայլուն էջեր արձանագրեցին այս օրհնեալ Թեմի պատմութեան մէջ, որուն քսանհինգամեայ առիւծի բաժինը արդարօրէն վաստակն է Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի»:
Հոգեպարար արարողութեան աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ հնչեց «Կիլիկիա» մաղթերգը, որուն յոտընկայս ձայնակցեցան նաեւ ներկաները, ապա առաջնորդական թափօրը հանդիսաւորապէս ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ սրահ, երկնային օրհնութիւններու նոր ցնծութեամբ լեցնելով բոլորին սրտերը: