– Ա. ՕՐՈՒԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐՆ ԷԻՆ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ, Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ, Ս. ԽԱՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ, Ս. ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԱԶԳ. ՖԵՐԱՀԵԱՆ, ՄԱՐԻ ԳԱՊԱՅԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ՀՕՄի ԱՇԽԷՆ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆ ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԻԿ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ, ՀՕՄ-Ի ԵՒ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Երկուշաբթի, 13 Մայիս 2024-ի երեկոյեան ժամը 6-8, Արեւմտեան Թեմի նորընտիր Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ Ազգ. վարչութեան ատենադպիր՝ Տիար Ճորճ Չորպաճեանի, եւ անդամներ Տիար Սարգիս Թաթիկեանի եւ Տիկին Ծովիկ Զէյթլեանի, ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնները ծխական եւ համայնքային կառոյցներու կազմերու եւ ներկայացուցիչներու, հետեւեալ յաջորդականութեամբ.-
– ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւն,
– Ս. Նահատակաց Ազգ. Ֆերահեան Երկրորդական վարժարանի, Մարի Գապայեան նախակրթարանի եւ ՀՕՄ-ի Աշխէն Փիլաւճեան մանկամսուրի տնօրէնները, վարիչն ու մեծ ընտանիքի ներկայացուցիչներ,
– Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւն,
– Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր հայրեր, Ազգ. երեսփոխաններ, հոգաբարձական կազմերու ատենապետներ եւ անդամներ,
– Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւը, Ազգ. երեսփոխաններ, հոգաբարձութեան ատենապետներ, անդամներ եւ Տիկնանց միութեան ներկայացուցիչներ,
– Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի Հոգեւոր հայրեր, Ազգ. երեսփոխաններ, հոգաբարձութեան ներկայացուցիչներ:
Իւրաքանչիւր այցելու խումբի հետ ծանօթացման մտերմիկ զրոյցներու ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը տեղեակ եղաւ միաւորներու գործունէութեանց դաշտերուն, աշխատանքային առօրեային եւ ապագայ ծրագիրներուն, ընդունեց անոնց սրտագին շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները եւ հայրական իր օրհնութիւնը բաշխեց՝ յաջողութեան եւ բարգաւաճման անհատնում առիթներ մաղթելով բոլորին: