Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Արեւմտեան Թեմի Նորընտիր Կրօնական Ժողովը Իր Անդրանիկ Նիստը Գումարեց

By October 28, 2020June 2nd, 2024No Comments

Կրօնական դաստիարակութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութեան կարեւորագոյն օղակ է։ Քրիստոնեայ ազգերը պատմութեան ընթացքին իրենք զիրենք արժեւորած եւ աճած են շնորհիւ քրիստոնէական առողջ դաստիարակութեան։ Եկեղեցւոյ հիմնական առաքելութիւնն է աստուածաշնչական արժէքները, առաքելաւանդ սկզբունքները եւ Ս. Հայրերու աւանդութիւնը ամրապնդել մեր ժողովուրդի զաւակներու կեանքին մէջ։

Նախագահութեամբ Թեմիս Առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի, Ուրբաթ, 23 Հոկտեմբեր 2020-ին, Արեւմտեան Թեմի նորընտիր Կրօնական ժողովը Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս իր անդրանիկ նիստը գումարեց։ Նախքան ժողովական օրակարգին անցնիլը, հոգեւոր հայրեր աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած Արցախի նահատակներու արի հոգւոցն խաղաղութեան ի հանգիստ, հայոց բանակի հզօրացման, Հայաստանի անվտանգութեան ու հայ ժողովուրդի անսասանութեան համար։ Եւս առաւել, հոգեւոր հայրեր իրենց աղօթքին մէջ աստուածային առաջնորդութիւն խնդրեցին, որպէսզի ժողովը կարենայ ինքզինք լաւագոյնս արժեւորել իր առջեւ բացուող առաքելութեան մէջ։

Ազգ. Երեսփոխանական 48-րդ Ժողովին կողմէ ընտրուելէ եւ Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ վաւերացուելէ ետք, Կրօնական Ժողովը առաջին նիստին ընտրեց իր դիւանը հետեւեալ կազմով. Ատենապետ՝ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, Փոխ- ատենապետ՝ Հոգշ. Տ. Սմբատ Վրդ. Սապունճեան, Ատենադպիր՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան, խորհրդականներն են՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան, Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան, Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան եւ Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան։

Շուրջ 3 ժամ տեւած ժողովի ընթացքին, ժողովական հայրեր նախնական ծրագրում մը կատարեցին կրօնական եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան աղերսուած առնուելիք նոր քայլերուն շուրջ։ Շեշտը դրուեցաւ երիտասարդներու ու մանուկներու յատուկ լսարաններ կազմակերպելու, հոգեւոր սպասաւորներ պատրաստելու, ծիսական կեանքը վերաշխուժացնալու, ինչպէս նաեւ Ս. Գրոց սերտողութիւններուն նոր թափ տալու եւ կրօնական դաստիարակութեան առջեւ նոր հորիզոններ բանալու վրայ։

Կրօնական Ժողովը պիտի շարունակէ իր ժողովները երկշաբաթեայ դրութեամբ գումարել Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս։

Close Menu

Categories