Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

«Արտաքսման Կիրակի»ն Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Մէջ

By March 14, 2025No Comments

Ինքնաքննութեան Ճամբով Պէտք Է Ձգտիլ Կատարելութեան»,
Ըսաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը

Կիրակի, 9 Մարտ 2025-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, «Արտաքսման Կիրակի»ն նշեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, քառասնօրեայ Ս. Պահոց խորհուրդին մասին խորհրդածութիւններ կատարելով:

Ս. Պատարագ մատոյց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Ա. Քհնյ. Խաչատուրեան։ Արարողութեան ներկայ եղան Գերշ. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան եւ շրջանի հաւատացեալ զաւակներ:

Իր քարոզին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը վեր առաւ կարեւորութիւնը քառասնօրեայ Մեծ Պահքին՝ բացատրելով, որ այս ժամանակաշրջանը Աստուծոյ կատարելութեան հետ ըլլալու պահն է՝ մոռնալով անցողիկն ու մարդկայինը, ձգտելով երկնային կատարելութեան, հոգիի մաքրութեան, ֆիզիքական աշխարհի բոլոր փորձութիւններէն հեռանալու կամքը աւելի եւս զօրացնելով մեր կեանքին մէջ:

Խօսելով «Արտաքսման Կիրակի»ի մասին, Գեղամ Արքեպիսկոպոս լուսաբանեց, որ նախամարդը՝ Ադամ, մեղքի պատճառով արտաքսուեցաւ դրախտէն, իր ժառանգորդներուն կտակելով ծննդեան մեղք, որուն հիմամբ համայն մարդկութիւնը եւ մենք Աստուծոյ վերատեսութեան արժանանալու համար պէտք է Աստուծոյ պատուիրանները կատարենք, որպէսզի արժանի ըլլանք վերստին դրախտ մուտք գործելու, մեր իսկ ազատ ընտրութեամբ, մեծագոյն դարմանը ՍԷՐ-ը ընտրելով՝ «սիրէ ընկերդ քու անձիդ պէս» պատուիրանին հետեւողութեամբ:

«Որքան որ մենք ունինք մտքի պայծառութիւն եւ կամքի զօրութիւն՝ ինքնաքննութեան ճամբով մենք մեզ սրբագրելու, այդքան աւելի մօտեցած կ՛ըլլանք մենք մեզ վերանորոգելու աստուածային հրաւէրի գործադրութեան, մեր ամբողջ կեանքի տեւողութեան ամէն անգամ մենք մեզ սրբագրելով եւ դէպի կատարելութիւն ձգտելով, որպէսզի Յարութեան տօնին, որ շուտով պիտի բացուի մեր առաջ, մենք Աստուծոյ աչքին կատարեալ անձեր ըլլանք», դիտել տուաւ Սրբազան Հայրը եւ յորդորեց ներկաները՝ իրենց բոլոր օրերուն մէջ ձգտիլ կատարելութեան:

Close Menu

Categories