Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

«Արցախի Նահատակները Նուիրեցին Իրենց Առաւելագոյնը. Տա՛Նք Արցախահայութեան Մեր Լաւագոյնը» Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան

By November 24, 2020June 18th, 2024No Comments

Հ.Հ. Վսեմաշուք Նախագահ Արմէն Սարգսեանի, Ամենայն Հայոց Հայրապետ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառի միացեալ որոշումով 22 Նոյեմբեր 2020ը յայտարարուեցաւ «Արցախեան ազատամարտի ընթացքին հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած հերոսներու յիշատակի օր»: Մեկնած այս իրողութենէն, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի տնօրինումով Կիրակի, 22 Նոյեմբերին, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագի կատարուեցաւ Հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն՝ վասն հայ նահատակներու հոգիի հանգստութեան եւ խաղաղութեան, ապա «Տէր Ողորմեա» երգուեցաւ՝ Հայաստան-Արցախ աշխարհի եւ հայ ժողովուրդի անսասանութեան եւ ապահով կեցութեան համար:

Նոյն օրը, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախագահեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Պատարագին եւ այս առիթով փոխանցեց պատգամ՝ Արցախի նահատակներու անմեռ ոգիին ընդելուզելով Գոհաբանութեան Տօնի մասին խորհրդածութիւններ, նկատի առած, որ ամերիկեան ցամաքամասի նշանակալի տօներէն՝ Աստուծոյ գոհունակութիւն յայտնելու կարեւոր այս առիթի նախօրեակին կը գտնուինք: Ինչպէս որ Արցախի նահատակները իրենց առաւելագոյնը՝ ծաղկատի ու երիտասարդ կեանքերը անմնացորդ կերպով նուիրեցին յանուն հայրենիքին եւ գալիք հայ սերունդներու ազատ ու ինքնիշխան ապրելու իրաւունքին, նոյն տրամաբանութեամբ, Սրբազան Հայրը յորդորեց հարուստները՝ աղքատին ու կարիքաւորին իրենց առաւելագոյնը տալու, «որովհետեւ հարուստներուն տրուած է շատ մեծ պատիւ, որ իրենց նուիրատուութիւններուն ընդմէջէն արժանանան Աստուծոյ նայուածքին, Անոր կողմէ տեսնուելու, նկատուելու առիթին ու Անկէ օրհնութիւն ստանալու վսեմագոյն պարգեւին»: Հիմնուելով անմիտ հարուստի առակին վրայ, այն մարդուն, որուն բերքը օր մը շատցաւ, առատացաւ, բայց ան նախընտրեց նոր ամբարներ ու շտեմարաններ կառուցել, փոխանակ այդ բարիքէն բաժին հանելու չունեցողներուն, մինչ անակնկալօրէն իր մահը վրայ հասաւ եւ չկարենալ վայելելով ունեցածը՝ թէկուզ իր անհատական ուրախութեան համար, ան Աստուածաշունչին մէջ յիշատակուեցաւ իբրեւ «անմիտ հարուստ», Սրբազան Հայրը յորդորեց Աստուծոյ տուածը քրիստոնէական հաւատքով տնտեսել՝ աղքատին ու կարիքաւորին եւս բաժին հանելով մեր ունեցածէն:

Սրբազան Հօր խորհրդածութեանց երկրորդ դրուագը կը վերաբերէր Յիսուսի գործած հրաշքին՝ երկու ձուկ եւ հինգ նկանակով բազմահազար հաւատացեալներ կերակրելու երեւոյթին: Թէեւ առաքեալները կը մտածէին դրամով ուտելիք գնել եւ կերակրել բազմութիւնը, սակայն Յիսուս հրաշք գործեց եւ առատօրէն կշտացուց ներկաները եւ բան մըն ալ աւելի՛, դիտել տուաւ քարոզիչ Սրբազանը՝ «հրաշքը աւելի վեր է քան դրամը, հրաշք, որ տուածդ կը բազմապատկէ, կը հարիւրապատկէ, կը հազարապատկէ, որովհետեւ Աստուած աւելի բարձր է քան նիւթը», ընդգծեց ան:
Վեր առնելով Արցախի եւ արցախահայութեան ապրած ներկայ դժնդակ պայմաններն ու անսահման կարիքները՝ շինարարական, առողջապահական, սննդական, տնտեսական, ընկերային, այլեւ տարրական գոյութեան կապուած անոնց անմիջական պէտքերը, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յորդորեց իմաստութեամբ վարուիլ մեր հարստութեան հետ, անպայման անկէ բաժին հանել նաեւ վիրաւոր Արցախին, այլեւ առատաձեռնութեամբ նուիրել արցախահայութեան, որովհետեւ «աղքատանալով կը հարստանանք, հարստանալով կ՛աղքատանանք, երբ մեր գանձերը ոչ թէ երկրի վրայ, այլ երկինքի մէջ կը դիզենք», շեշտեց ան եւ Գոհաբանութեան Տօնին առիթով յառաջիկայ Հինգշաբթի, 26 Նոյեմբերին կայանալիք թելեթոնին կարեւորութիւնը ընդգծելով՝ մեծապէս գնահատեց բոլոր նուիրատու հարուստները, ազգի կարիքներուն՝ Արցախ, Հայաստան, Լիբանան թէ այլուր, մի՛շտ հասած մեր իմաստուն հարուստները, հետեւեալ բառերով. «Օրհնեալ ըլլան բոլոր հարուստները, որոնք կը պատրաստուին այս թելեթոնին եւս լաւագոյն ձեւով օգնելու արցախահայութեան. Թող 30-60-100 անգամ աւելիով հարստանան անոնք, որոնք իրենց ունեցածէն բաժին կը հանեն աղէտահար մեր ժողովուրդի զաւակներուն եւ կը նուիրեն առատօրէն: Բոլորս միասի՛ն տանք Աստուծոյ փառքին համար. դրամ ստացողը աղքատն է, իսկ ողորմութիւն ստացողը Ի՛նքը՝ Աստուա՜ծ», իր պատգամը եզրափակեց Սրբազան Հայրը:

Պատարագի աւարտին, Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն ի յիշատակ՝ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կանգնած խաչքարին առջեւ Առաջնորդ Սրբազանը հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն կատարեց ներկայութեամբ հոգեւոր հայրերու, այլեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Կայծակ Զէյթլեանի, Թեմիս Ազգային Վարչութեան փոխ ատենապետ Մհեր Տէր Յովհաննէսեանի եւ անդամներու, եկեղեցւոյ հոգաբարձական կազմին, Ս. Խորանի սպասաւորներուն եւ երգչախումբին:

Close Menu

Categories