Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Բուն Բարեկենդանին Առաջնորդ Սրբազանը Հանդիսապետեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին

By February 25, 2020June 17th, 2024No Comments

Հ.Մ.Ը.Մ.-Ի «Ս. ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ» ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՇՔԱՆՇԱՆԻ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐՈՒ ԱՌԹԻՒ ԽԱՉ ԶԱՐԴԱՍԵՂՆԵՐՈՒ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՓՈԽԱՆՑՈՒՄ

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ՝ ՀՕՄ-Ի ՆՆՋԵՑԵԱԼՆԵՐՈՒ ԵՒ ՄԱՐԱՇԻ ԱՂԷՏԻ ԶՈՀԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Կիրակի, 23 Փետրուար 2020-ին, Բուն Բարեկենդանին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ իր պատգամը ուղղեց։

Ս. Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազանը Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» սկաուտական կրօնական շքանշանի խաչ զարդասեղները օրհնեց ու յանձնեց 30 սկուատներուն, որոնք յատուկ դասընթացքներու պիտի մասնակցին եւ աւարտին պիտի արժանանան կրօնական շքանշանի։

Ս. Պատարագ մատուցանեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան, իսկ Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան արարողութեան մասնակցութիւն բերաւ։ Հաւատացեալներուն կողքին, ներկայ էին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային Վարչութեան եւ Սկաուտական Խորհուրդի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան եւ «Անահիտ» ու «Լոռի» մասնաճիւղերու անդամներ։

Նշենք, որ նոյն օրը Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ՝ ի յիշատակ ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Շրջանի բոլոր անդամներուն ու բարերարներուն, ինչպէս նաեւ Մարաշի աղէտի զոհերուն ու ինքնապաշտպանութեան հերոսներուն։

Առաջնորդ Սրբազանը իր քարոզի սկզբնաւորութեան նախ ողջունեց եւ օրհնեց սկաուտները եւ կոչ ուղղեց յառաջիկայ ամիսներու ընթացքին իրենց ձեռք ձգած գիտելիքներն ու դաստիարակութիւնը օգտագործել՝ յաջորդող սերունդներուն օրինակ դառնալու համար։

Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ օրուան աւետարանական հատուածին (Մտ. 6.1-21), որ Մեծ Պահքի մեր ճանապարհորդութեան ընթացքին ողորմածութեան, բարեգործութեան, աղօթքի, պահեցողութեան եւ երկինքի մէջ գանձ դիզելու մասին Քրիստոսի ուսուցումները կը փոխանցէ։ Ան շեշտեց, որ մեր կեանքը պէտք է ապրինք Աստուծոյ չափանիշներուն համաձայն եւ ոչ թէ մեր նմաններէն շարունակ փառք, պատիւ ու գովասանք ակնկալենք։ Ընդհակառակը, ինքնանպատակ կեանք մը ապրելէն անդին եւ վեր, պէտք է մեր շնորհքները ի սպաս դնենք՝ մեր նմաններուն բարիք գործելով, օժանդակելով, ոչ թէ մարդոց ուշադրութիւնը գրաւելու, այլ Աստուծոյ աչքին գովելի դառնալու համար։ Ան նաեւ կարեւորեց աղօթքի անհրաժեշտութիւնը, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ՝ ուղիղ հաղորդակցութիւն Աստուծոյ հետ եւ յորդորեց հաւատացեալները ո՛չ միայն շրթնային աղօթել, այլեւ՝ սրտով ու հոգիով։

Խօսելով պահեցողութեան մասին, Առաջնորդ Սրբազանը ընդգծեց, որ պահեցողութիւնը միայն ֆիզիքական սննդականոն չէ, այլ ան մարմինը կարգաւորելու առաջին քայլն է՝ հոգին չափաւորելու համար, շեշտելով, որ բարիք գործելը, աղօթելը եւ ծոմապահութիւնը պէտք է միայն Աստուծոյ երեւելի ըլլան եւ ոչ թէ՝ ի ցոյց մարդկան։ Ան նաեւ մատնանշեց, որ Մեծ Պահքի ընթացքին մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է սիրոյ եւ ներողամտութեան ոգի ունենայ, մասնաւորապէս ներելով բոլոր անոնց, որոնք մեզ վիրաւորած են։ Հետեւաբար, ան մաղթեց որ Մեծ Պահքը դառնայ մեր ֆիզիքական, բարոյական, հոգեկան, մտային եւ զգացական կեանքը կարգաւորելու առիթ՝ Աստուծոյ չափանիշներուն համաձայն, որպէսզի այդ բոլորը Աստուծոյ աչքին գնահատելի ու գովելի ըլլան, բոլորին յիշեցնելով, որ կեդրոնանան երկինքի մէջ գանձ դիզելուն վրայ։ Ան նաեւ նշեց, որ մարդուն համար ստեղծուած աշխարհիկ գանձերը ժամանակաւոր են եւ ցեցէն ու ժանգէն դիւրութեամբ կ’ոչնչանան, ինչպէս Քրիստոս Ինք կ’ըսէ. «Ձեր հարստութիւնը ո՛ւր որ է, հոն կ’ըլլայ նաեւ ձեր սիրտը»։

Ապա, Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, որ այսօր մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կը կատարուի ՀՕՄ-ի եւ Մարաշի Հայրենակցական Միութեան խնդրանքով, ինչպէս նաեւ դրուատեց ՀՕՄ-ի աստուածահաճոյ ու մարդասիրական ծառայութիւնը, օրհնեց յիշատակը ՀՕՄ-ի հանգուցեալ բոլոր անդամներուն եւ գնահատեց ներկայ անդամները։ Խօսելով Մարաշի աղէտի զոհերուն ու ինքնապաշտպանութեան հերոսներու յիշատակին մասին, ան դիտել տուաւ, որ Ցեղասպանութեան եւ ջարդերու ողջ պատմութեան ընթացքին մենք գոյատեւած ենք մեր հայրերու հաւատքով ու օրինակով։

Քարոզի աւարտին, «Այսօր երկնայինք» շարականի երգեցողութեամբ, սկաուտները եկեղեցւոյ ատեանին մէջ համախմբուեցան, ուր Առաջնորդ Սրբազանը խաչ զարդասեղներու օրհնութիւնն ու փոխանցումը կատարեց, ինչպէս նաեւ օրհնեց ներկայ սկաուտները։

Յետ Ս. Պատարագի, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։ Ապա, Առաջնորդ Սրբազանը թափօրով ուղղուեցաւ «Աւետիսեան» սրահ, ուր կատարեց մատաղի օրհնութիւնը։ Նշենք, որ մատաղը պատրաստուած էր ՀՕՄ-ի «Անահիտ» եւ «Լոռի» մասնաճիւղերու անդամուհիներու կողմէ, ի յիշատակ իրենց ընկերուհիներուն անմեռ յիշատակին։

Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ ՀՕՄ-ի եւ Հայաստանի քայլերգներով։

Close Menu

Categories