Կիրակի, 31 Հոկտեմբեր 2021-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան նախագահեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Ս. եւ անմահ Պատարագին, որ մատուցուեցաւ Արեւմտեան Թեմի նախկին Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ: Սրբազան Հայրը Ս. Պատարագի ընթացքին նաեւ յաւուր պատշաճի քարոզեց, մինչ Ս. Խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւներ՝ Արժ. Տ. Կոմիտաս Աւ. Քհնյ. Թորոսեան, Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան, եկեղեցւոյ սարկաւագաց եւ դպրաց դասերը։
Քարոզէն առաջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատանքով արտայայտուեցաւ Արեւմտեան Թեմէն ներս Մուշեղ Սրբազանի հոգեւոր ծառայութեան մասին՝ վեր առնելով անոր բազում տարիներու աստուածահաճոյ եւ ազգանուէր գործունէութիւնն ու վաստակը. «Արդարեւ, Սրբազան Հայրը, անցնող շուրջ քսանհինգ տարիներուն, որպէս Առաջնորդ Արեւմտեան Թեմի, եղաւ իր ժողովուրդին հետ, իր ժողովուրդի կողքին եւ իր ժողովուրդին համար», ընդգծեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ այս առիթով անոր մաղթեց կատարեալ առողջութիւն եւ կանաչաւուն օրեր։
Այնուհետեւ, Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան իր քարոզին մէջ նախ փառք ու գոհութիւն վերառաքեց առ Բարձրեալն Աստուած, որ առիթը ընձեռած էր աղօթակից եւ հաղորդակից դառնալու Ս. Պատարագի խորհուրդին՝ յիշելով, որ այս Ս. Պատարագը առաջինն է, որ ինք կը մատուցէ որպէս նախկին Առաջնորդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որ զինք հրաւիրած էր Ս. Պատարագ մատուցելու եւ անոր մաղթեց բարւոք գործունէութիւն ու յաջողութիւն իր բոլոր ծրագիրներուն մէջ:
Ողջունելէ ետք Կրօնական ժողովը, Ազգային վարչութիւնը, Հոգեւորականաց դասը եւ ծխական բոլոր շրջաններն ու հաւատացեալ ժողովուրդը, Սրբազան Հայրը իր քարոզը սկսաւ՝ «Մայրս ու եղբայրներս անոնք են, որոնք Աստուծոյ խօսքը կը լսեն եւ կը գործադրեն» (Ղկ 8.21) աստուածաշնչական համարով եւ բացատրեց, թէ Յիսուս Քրիստոս իբրեւ գերագոյն սերմնացան, միշտ պատկերաւոր խօսքերով եւ առակներով խօսեցաւ իր հետեւորդներուն, որպէսզի ոչ միայն լսեն Աստուծոյ խօսքը, այլեւ հասկնան եւ գործադրեն զայն իրենց կեանքին մէջ:
Առանձնացնելով «Սերմնացան»ի առակը, Սրբազան Հայրը պատմեց, որ Յիսուս օր մը երբ այս առակը կը պատմէր իր շուրջ խմբուած մարդոց, աշակերտները մօտեցան իրեն եւ ըսին, որ մայրդ եւ եղբայրներդ քեզի կը սպասեն, իսկ ինք պատասխան տուաւ եւ ըսաւ, որ բոլոր անոնք, որոնք կը լսեն եւ կը գործադրեն Աստուծոյ խօսքը, անոնք են եղբայրներս եւ մայրս: «Հետեւաբար, Քրիստոս Իր այս խօսքով կը հրաւիրէ իւրաքանչիւրս Իր ընտանիքին մաս կազմելու, Իր խօսքերն ու ուսուցումները լսելու, գործադրելու եւ Աստուծոյ կամքը կատարելու», աւելցուց ան եւ յորդորեց ներկաները Տէրունական աղօթքի «եղիցի կամք քո» բառերը ոչ միայն կրկնելու, այլեւ Աստուծոյ կամքին համաձայն ապրելու, այնպէս ինչպէս ապրեցան Հայ Եկեղեցւոյ ծառաները, մեր սուրբերը, եւ այնպէս, ինչպէս բոլոր հաւատացեալները հրաւիրուած են ապրելու իրենց կեանքի բոլոր օրերը։