Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Գիւտ Խաչի Տօն Եւ Ուրարի Տուչութիւն Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

By October 27, 2021June 14th, 2024No Comments

Կիրակի, 24 Հոկտեմբեր 2021-ին, Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Գիւտ Խաչի տօնին առիթով նախագահեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Ս. եւ անմահ Պատարագին եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց: Սրբազան արարողութեան ներկայ էին Գերշ. Տ. Եփրեմ Ս. Արք. Թապագեան, Հոգեւոր հայրեր, Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:

Ս. Պատարագին հնչեցին յատուկ աղօթքներ, որոնց ընդմէջէն Թորգոմ Եպս. ուրար կրելու իրաւունք շնորհեց եկեղեցւոյ դպիրներ Յովհաննէս Պալեանի եւ Տիգրան Մակարեանի: Այս առիթով իր խօսած պատգամին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ըսաւ. «Այսօր, մարդեր կ՛ուզեն տեսնուիլ մարդերէն, մինչ երանելի են անոնք, որոնք կը տեսնուին Արարիչէն: Այսօր, այս երկու երիտասարդները տեսնուեցան Արարիչէն եւ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Խաչին խորհրդանիշ ուրարները ստացան՝ որպէս պատիւ ծառայութեան»: Ապա խօսքը ուղղելով ուրարակիրներուն՝ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը այսպէս շնորհաւորեց զանոնք. «Սիրելի՛ Տիգրան եւ Յովհաննէս, կը մաղթեմ ձեզի, որ ձեր սէրը շատնայ Աստուծոյ տաճարին նկատմամբ: Անցնող տարիներուն ես հետեւեցայ, թէ ինչպիսի՛ երկիւղածութեամբ կը մասնակցէիք կենսաբեր եւ կենարար Ս. Պատարագի խորհուրդին: Եւ սա պահուն անգամ մը եւս կը տեսնեմ, թէ դուք ինչպիսի՛ սէր ունիք տաճարին նկատմամբ եւ տաճարը շարժող Արարիչին նկատմամբ»:

Իր արտասանած պատգամին ընդմէջէն, Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ այս առիթով շնորհաւորեց եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեանը, Հոգաբարձական կազմը եւ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը, որոնք վկաները կը դառնան երկու երիտասարդներուն ծառայական նոր հանգրուան թեւակոխման:

Պատգամին ընթացքին, Սրբազան Հայրը յատուկ մաղթանք կատարեց Գերշ. Տ. Եփրեմ Ս. Արք. Թապագեանի, որ նոյն օրն իսկ կ՛ամբողջացնէր իր ծննդեան 80-րդ տարեդարձը: Վեր առնելով Սրբազան Հօր տասնամեակներու վրայ տարածուող վաստակը՝ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը երախտագիտութեամբ արտայայտուեցաւ 80-ամեայ յոբելեար Եփրեմ Արք. Թապագեանի ընդհանրապէս Հայ Եկեղեցւոյ եւ մասնաւորաբար Արեւմտեան Թեմի կեանքէն ներս բերած հոգեւոր, եկեղեցական ու ազգաշէն ծառայութեան, շնորհաւորեց տարեդարձը եւ իր սրտագին բարեմաղթութիւնները փոխանցեց անոր:

Անդրադառնալով Գիւտ Խաչի խորհուրդին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկաները հրաւիրեց թափելու յատուկ ճիգ՝ իրենց կեանքին մէջ փնտռելու համար Քրիստոսի խաչը, որ «յաճախ թաղուած կը մնայ մեզմէ իւրաքանչիւրի հոգիին մէկ անկիւնը», դիտել տուաւ ան՝ յորդորելով, որ ոչ թէ փնտռելու սիրոյն կատարուի այդ փնտռտուքը, այլ միայն Յիսուս Քրիստոսի խաչը գտնելու հեռանկարով, ապա իր խօսքը եզրափակեց հետեւեալ բառերով. «Ունենանք այնքան յոյս ու հաւատք, որ մենք պիտի գտնենք Քրիստոսի խաչը եւ բարձրացնենք զայն մեր հոգիին ու մեր կեանքին մէջ այնքան, որ երկրի վրայ մեր ապրած բոլոր օրերուն ընթացքին պարծենանք Յիսուս Քրիստոսի խաչով, ինչպէս կը թելադրէ Պօղոս Առաքեալ»:

Close Menu

Categories