Հինգշաբթի, 24 Հոկտեմբեր 2024-ի կէսօրին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Ազգ. Առաջնորդարանի մէջ ընդունեց այցելութիւնը իր վաղեմի բարեկամներէն՝ Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական Ծոցի Ընդհանուր քարտուղար Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի եւ Կլենտէյլի Հայ Նազովրեցի եկեղեցւոյ Վերապատուելի Սերոբ Մկրտիչեանի, որոնք եկած էին յատկապէս խնդրամատոյց ըլլալու Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որ իր ներկայութեամբ պատուէ Դոկտ. Ճեպէճեանի վերջին՝ «Հայկական Ազգագրական Պատկերներ՝ Տեսիլք, Կամք եւ Յոյս» հատորի շնորհանդէսին նուիրուած ձեռնարկը: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 25 Հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7-ին։ Նշենք, որ Սրբազան Հայրը ներկայացուց Արժ. Տ. Արսէն Քհնյ. Գասապեան եւ փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր խօսքը։
Մտերմիկ զրոյցի ընթացքին նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ աշխարհի ու հայութեան ներկայ կեանքը յուզող հարցերու մասին: Հիւրերը իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին այս հանդիպման համար, իսկ Գեղամ Արքեպիսկոպոս ի սրտէ շնորհաւորեց Դոկտ. Ճէպէճեանն ու նորոգ խանդավառութիւն, ոյժ, կորով եւ յաջողութիւն մաղթեց այցելուներուն, իրենց առաքելութեան ու ծրագիրներուն մէջ: