
Հինգշաբթի, 19 Յունուար 2023-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, ընկերակցութեամբ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեանի, այցելեց Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարան, ուր դիմաւորուեցաւ տնօրէնութեան, անձնակազմին ու աշակերտութեան կողմէ, որ անհամբեր կը սպասէր իր Առաջնորդ Սրբազանի ժամանման:
Այս առիթով, աշակերտները հնչեցուցին տօնական եւ հայրենասիրական փունջ մը խմբերգներ եւ ասմունքներ, մինչ Առաջնորդ Սրբազանը իր արտասանած խօսքին մէջ վեր առաւ աւելի առաքինի եւ աւելի լաւ հայ-քրիստոնեայ մարդ դառնալու հրամայականը, ապա աշակերտներուն հասկնալի ոճով յորդորեց զանոնք՝ հետեւիլ բարձր կրթութեանց ու մասնագիտանալ զանազան մարզերու մէջ, ապագային օգտակար հանդիսանալու համար նախ իրենք իրենց, ապա իրենց ընտանիքին, շրջապատին ու մանաւանդ՝ ողջ հայութեան:
«Սիրելի՛ աշակերտներ, դուք էք մեր համայնքի ապագայ երիտասարդութիւնը եւ մեր ազգին ու հայրենիքին կեանքը նորոգող աւիշը: Ուսում առէ՛ք, բարձրացէ՛ք, ձեր մարդկային կարողութիւնները աւելի ե՛ւս փայլեցուցէք՝ յաճախելով այս երկրի ամէնէն յառաջադէմ համալսարանները, որովհետեւ դո՛ւք էք յոյսը մեր ազգին, հայրենիքին ու եկեղեցւոյ, դո՛ւք պիտի ղեկավարէք մեր համայնքը վաղը եւ աշխարհի վրայ դո՛ւք պիտի բարձրացնէք մեր ազգին անունը գալիք տարիներուն, եւ ձեր գիտակից քաղաքացիութեամբ վաղը նաեւ դո՛ւք էք, որ պիտի պաշտպանէք մեր հայրենեաց իրաւունքներն ու արդար դատը», ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը, ապա հայրաբար աւելցուց. «Ես միայն մէ՛կ խնդրանք ունիմ ձեզմէ, սիրելի աշակերտներ, դուք բոլորդ մեզմէ աւելի՛ լաւ եղէք, որպէսզի աւելի լա՛ւ տիրութիւն ընէք ձեր ծնողներուն, ընտանիքին, ազգին եւ ամենասիրելի Հայաստան-Արցախին՝ իբրեւ սրբազնագոյն կտակ, անխորտակելի հայրենիք եւ համայն հայութեան ազգային ամրոց»: