Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Եղբայրական Հանդիպում՝ Ազգային Առաջնորդարանի Մէջ

By April 8, 2021June 2nd, 2024No Comments

Չորեքշաբթի, 7 Ապրիլ 2021ի կէսօրուան ժամը 12ին, հրաւէրով Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, Ազգային Առաջնորդարանի մէջ տեղի ունեցաւ Կիլիկիոյ Հայրապետական Աթոռի Միաբան եղբայրներու հանդիպում, որուն ներկայ եղան Գերշ. Տ. Եփրեմ Ս. Արք. Թապագեան, Գերշ. Տ. Կոմիտաս Ս. Արք. Օհանեան, Գերշ. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան, Գերշ. Տ. Գրիգոր Ս. Արք. Չիֆթճեան եւ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան:

Բարձրաստիճան Հոգեւոր Հայրերը նախ աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած, վասն աշխարհի խաղաղութեան եւ ազգիս հայոց սէր-միութեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի արեւշատութեան եւ Հայ Եկեղեցւոյ անսասանութեան, ապա մասնակից եղան ի պատիւ իրենց կազմակերպուած սիրոյ սեղանին, որուն ընթացքին յիշուեցան միաբանական կեանքի սրտառուչ յուշերէն ու դրուագներէն պատումներ, այլեւ անդրադարձ եղաւ մեր ներկայ կեանքը յուզող երեւոյթներու մասին:

Յայտնենք, որ բարձրաստիճան Հոգեւոր Հայրերը Աւագ Շաբթուան առիթով մասնակից եղան Արեւմտեան Թեմի եկեղեցիներու սրբազան արարողութիւններուն, օրհնաբեր Ս. Պատարագ մատուցեցին եւ յաւուր պատշաճի քարոզեցին վասն մխիթարութեան մեր ժողովրդեան:

Close Menu

Categories