
Կիրակի 13 Նոյեմբեր 2022-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ մատոյց եւ քարոզեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, աղօթակից ունենալով Գերշ. Տ. Եփրեմ Ս. Արք. Թապագեանը:
Ս. Խորանին սպասարկեցին Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան, սարկաւագներ եւ դպիրներ: Արարողութեան ներկայ եղան Ազգային վարչութեան անդամներ, Ազգ. երեսփոխաններ, Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտներ, պատկան մարմիններու եւ յարակից միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներ:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամին մէջ անդրադարձաւ հաւատացեալներու կեանքին մէջ Յիսուս Քրիստոսի Լոյսին հետեւելու անհրաժեշտութեան, յաղթահարելու համար համատարած չարիքներն ու կեանքի բոլոր հանգրուաններու անձնական, ընտանեկան եւ ընկերային դժուարութիւններ: Ան յորդորեց Լոյսին հետեւիլ հաւատքի կեանքի ներուժով գօտեպնդուած՝ դէմ դնել չարիքին եւ վստահութեամբ դիմել Տիրոջ զօրութեան: Շարունակելով իր պատգամը, Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան 59-րդ ամեակը՝ եկեղեցին նմանցնելով այն ովասիսին, որ կը յագեցնէ իր շուրջ ապրող ծարաւ հոգիներուն պապակը: Հոգեւոր տան շնորհիւ, աստուածային լոյս կը ճառագայթէ համայնքի կեանքէն ներս՝ դիտել տուաւ Թորգոմ Եպիսկոպոս եւ իր պատգամը եզրափակեց Ամենակալ Աստուծոյ յոյսով ու լոյսով զօրանալու ամէնընտիր մաղթանքով: