Կիրակի, 23 Մայիս 2021ին, Արեւմտեան Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան Հոգեգալուստի տօնին առիթով Եպիսկոպոսական Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ եւ հոգեպարար իր քարոզին մէջ վեր առաւ օրուան խորհուրդը՝ ըսելով. «Հոգեգալուստ է այսօր, Աստուած երկինքէն իր Ս. Հոգին կը ղրկէ դէպի երկիր, որպէսզի ան որ գիտակից ու պատրաստ է, ան որ փափաք ունի իր կեանքին մէջ զԱստուած ունենալու, իր մէջ ընդունի ներկայութիւնը ամբողջ տիեզերքի մեծագոյն ուժին՝ Ս. Հոգիին: Աստուծոյ ներգործող ուժին՝ Ս. Հոգիին տօնն է այսօր, որ որպէս կրակէ լեզու երկինքէն կ՛իջնէ դէպի երկիր՝ հանգչելու համար Յիսուսի հետեւորդներուն կեանքին մէջ: Ս. Հոգիին տօնն է այսօր, որ գայ, բնակի իւրաքանչիւրիս կեանքին մէջ, մեզ դարձնելով մաքուր եւ իր կրակէ ներկայութեամբ այրելով մեր մէջ բնակուող մեղքը՝ բոլոր տեսակի մոլութիւնները: Ս. Հոգիի տօնն է այսօր, եւ ահա Աստուած իր երկնային դռները կը բանայ ընդարձակ կերպով, որպէսզի երկնային շնորհները լոյսի պէս ճառագայթեն դէպի երկիր եւ պայծառացնեն կեանքը հաւատացեալ քրիստոնեայ ժողովուրդին: Ս. Հոգին կու գայ մարդուն ուժ եւ զօրութիւն պարգեւելու: Ս. Հոգին կու գայ մարդուն խօսելու եւ աշխատելու կարողութիւն շնորհելու: Ս. Հոգին կու գայ մարդուն տալու՝ մաքուր կեանքէն ընթանալու իմաստութիւնը եւ մեզ բոլորս կը լեցնէ երկնային օրհնութիւններով: Այսօր ուրախութեան եւ միաժամանակ յաղթանակի՛ տօն է, որովհետեւ մենք մարմին ունենալով հանդերձ, այսօր անգամ մը եւս մեր հոգին է, որ գերադաս եւ առաջնակարգ կը դարձնենք, որովհետեւ գիտենք, որ հոգին է մնայունը, իսկ մարմինը՝ ժամանակաւոր եւ գնայուն: Այսօր յիշեցում մը կայ երկինքէն դէպի երկիր, թէ՝ ո՜վ մարդ, չըլլայ թէ մոռնաս, որ դուն տաճարն ես Աստուծոյ Ս. Հոգիին»:
Ս. Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ուրար կրելու արտօնութիւն շնորհեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դպիրներ Արշէն Աւանէսեանի, Խաչիկ Յովասափեանի, Գէորգ Մաճարեանի, Կարօ Նալճեանի եւ եղբայրներ Սարօ եւ Շանթ Սանտալճեաններու, ապա, շնորհաւորելէ ետք ուրարակիրները, անոնց ուղղեց սրտին խօսքը՝ շեշտելով, որ «այսօր ուրախութեան յատուկ օր է Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ մեր ժողովուրդին համար, որ այսօր այս եկեղեցւոյ նուիրեց վեց երիտասարդներ, որոնք անցնող տասը տարիներու ընթացքին իրենք զիրենք արժեւորեցին Աստուծոյ տաճարին մէջ, իրենց անձը պայծառացուցին Աստուծոյ փառքին համար եւ դարձան մաքուր եւ պիտանի գործիքներ Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ», ապա շարունակեց՝ ըսելով, որ այս երիտասարդները, հազիւ քսան տարեկան, ամէն Կիրակի, առանց յոգնելու, ձանձրանալու կամ տրտնջալու, եղան առաջիններէն, որ մուտք գործեցին եկեղեցւոյ դռնէն ներս եւ որպէս գնահատանք իրենց ծառայութեան, «անոնք այսօր կ՛արժանանան աստուածային ուշադրութեան եւ օրհնութեան՝ որպէս մաքուր անօթներ, ուր Աստուած կու գայ եւ բնակութիւն կը հաստատէ»:
Յետ Ս. Պատարագի, տեղի ունեցաւ շքանշանի օրհնութիւն: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախ օրհնեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանները, ապա իր ձեռամբ զանոնք անցուց լանջին այն Հ.Մ.Ը.Մ.ական պարման-պարմանուհիներուն, որոնք դաստիարակչական յատուկ ծրագիր մը բոլորած էին:
Յայտնենք, որ Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինումով, նոյն օրը բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան հին եւ նոր ննջեցեալներու հոգիներուն խաղաղութեան ի հանգիստ: