Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին Առիթով

By March 23, 2021June 11th, 2024No Comments

Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը յիշատակելի շաբաթավերջ մը ապրեցաւ Շաբաթ 20 եւ Կիրակի 21 Մարտ 2021ին, իր երդիքին տակ հիւրընկալելով Թեմակալ Առաջնորդը՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանը, որ համանուն եկեղեցւոյ Սուրբին՝ Գրիգոր Լուսաւորչի Մուտն ի Վիրապ տօնին առիթով առաջնորդական այցելութիւն տուաւ իր հօտին, շրջանին մէջ ստեղծելով տօնական խանդավառ մթնոլորտ: Շաբաթ յետմիջօրէին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Սմբատ Վրդ. Սապունճեան ընդունեց Սան Ֆրանսիսքօ ժամանած Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որուն կ՛ընկերակցէր Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեանը:

Նոյն օրը երեկոյեան, ի պատիւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, «Սարոյեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան: Ընթրիքի ընթացքին շնորհաւորական եւ բարի գալուստի խօսքեր արտասանեցին Սմբատ Վրդ. Սապունճեան, հոգաբարձական կազմի ատենապետ Ռոստոմ Այնթապլեան, եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան, յարակից միութիւններու եւ մարմիններու ներկայացուցիչներ, որոնք իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի՝ Առաջնորդ ընտրութենէն ետք Սան Ֆրանսիսքոյի հայ համայնքին տուած անդրանիկ այցելութեան առիթով: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, իր կարգին, բարձր գնահատեց նուիրեալ կամաւորներու եւ բարերարներու նիւթաբարոյական աջակցութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ եւ տեղւոյն հայութեան եւ իր խօսքին մէջ յորդորեց ներկաները՝ գործելու միասնականութեան ոգիով եւ իրարօգնութեան սկզբունքով, յանուն համայնքային կեանքի առաւել զարգացման, ամրացման եւ բարգաւաճման:

Կիրակի, 21 Մարտ 2021, առաւօտեան ժամը 11ին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ անուանակաչութեան տօնին առիթով: Ս․ Պատարագին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Սմբատ Վրդ. Սապունճեան եւ Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան, սարկաւագներ, ուրարակիրներ եւ դպիրներ: Արարողութեան ներկայ եղան Ազգային վարչութեան անդամ տիար Կարպիս Պէզճեան, միութեանց եւ համայնքի ներկայացուցիչներ, եկեղեցւոյ նուիրեալներ, բարերարներ եւ հաւատացեալներ:

Ողջունելէ ետք ներկաները, Թորգոմ Եպիսկոպոս իր պատգամին մէջ ընդգծեց, որ Պահոց ներկայ ժամանակաշրջանը մարդուն համար ինքնիր մէջ ամփոփուելու, ինքնաճանաչման մէջ խորանալու, անդադար աղօթելու, աշխարհէն ու աշխարհայինէն կտրուելով Արարիչին հետ կապուելու պահ է, որպէսզի Աստուծոյ պատկերով եւ շունչով ստեղծուած մարդը գնահատէ այն բազում օրհնութիւնները, զորս Աստուած շնորհած է իրեն՝ աւելի լաւ մարդ դառնալու, մեղքէն հեռու մնալու եւ իր երկրային կեանքին մէջ միայն Յիսուս Քրիստոսի ճամբէն ընթանալու համար: Վեր առնելով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի նուիրուած տօնը, Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ թէեւ կը տօնախմբենք ուրախ, յաղթական տօն մը Հայ Եկեղեցւոյ եւ հաւատացեալ մեր ժողովուրդին համար, սակայն, իրականութեան մէջ, դէպքը ցաւալի է, անիկա Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի չարչարանքներուն եւ վիրապ մտնելու յիշատակումն է. «Մարդ մը՝ Գրիգոր անուն, իր հաւատքով այնքան ուժեղ էր, որ յաջողեցաւ «ո՛չ» ըսել հեթանոս թագաւորին: Այս պատճառով ալ ան ենթարկուեցաւ բազում չարչարանքներու եւ նետուեցաւ խոր վիրապ, ուր մնաց ամբողջ 13 տարի, բայց մնաց ա՛յն հաւատքով եւ յոյսով, որ Աստուած մեծ ծրագիր մը ունի իրմով իրականացնելիք: Պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ Գրիգորի հաւատքը զուր չէր, Աստուած իրօք ծրագիր մը ունէր, որ հայ ժողովուրդի դարձն էր ի քրիստոնէութիւն, հոսկէ նաեւ Աստուծմէ փառաւորեալ մարդուն նոր կոչումը՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ»:

Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնն ու Գրիգոր անունը կրող բոլոր հայորդիները, ապա ընդունեց ներկաներուն ջերմ շնորհաւորանքներն ու սրտագին բարեմաղթութիւնները:

Close Menu

Categories