Skip to main content
search
Uncategorized

Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ

By May 1, 2023May 1st, 2024No Comments

Կիրակի, 30 Ապրիլ 2023-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ․ Տ․ Թորգոմ Ս․ Եպս․ Տօնոյեան, Կարմիր Կիրակիի առիթով Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց, կատարեց սրբապատկերի օծում եւ քարոզեց Օրէնճ Քաունթիի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ:

Ս․ խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ․ Տ․ Գարեգին Քհնյ․ Պետուրեան եւ նախկին հովիւներէն Արժ. Տ. Հրանդ Աւ. Քհնյ. Երէցեան, սարկաւագներ, ուրարակիրներ եւ դպիրներ: Սրբազան արարողութեան ներկայ եղան շրջանի Ազգ. երեսփոխաններ, համայնքային ներկայացուցիչներ, բարերարներ եւ հաւատացեալ ժողովուրդ:

Յընթացս Պատարագի, Առաջնորդ Սրբազանը Ս. միւռոնով օծեց Ս. Գէորգ Զօրավարի սրբապատկերը՝ նուիրուած եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան կողմէ:

Իր պատգամին մէջ Թորգոմ Եպիսկոպոս վեր առաւ Կարմիր Կիրակիի խորհուրդը եւ անհրաժեշտ բացատրութիւններ տուաւ նախ Ս. Գէորգ Զօրավարի կեանքին ու հաւատքին մասին, թելադրելով, որ Ս. Գէորգի հաւատքն ու Քրիստոսի նկատմամբ անքակտելի կապուածութիւնը ըլլան օրինակելի ուղեցոյց իւրաքանչիւր հաւատացեալի համար: Այնուհետեւ՝ ընդարձակելով օրուան խորհուրդին բաղադրիչները, Առաջնորդ Սրբազանը յիշեցուց, որ քրիստոնէութիւնը աշխարհով մէկ չտարածուեցաւ դիւրին միջոցներով, այլ նախնական եկեղեցւոյ քրիստոնեաները ի գին իրենց արեան ընդունեցին Քրիստոսի վարդապետութիւնը, վկայեցին անոր մասին, զայն ապրեցան իրենց բոլոր բջիջներով եւ նահատակուեցան յանուն անոր ընձիւղման ու տարածման:

Խօսքի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատանքով դրուատեց եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեանի ընդհանրապէս հովուական ծառայութիւնը եւ մասնաւորաբար ուսումնատենչութիւնը, որուն պսակումը հանդիսացաւ երիտասարդ Քահանային դոկտորական տիտղոսի արժանացումը Հովուական Աստուածաբանութեան մէջ, դիտել տուաւ Առաջնորդ Սրբազանը, ապա, այս առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի անուան փորագիր սկզբնատառերը կրող իւրայատուկ գրիչ մը նուիրեց Տէր Հօր, ի խնդակցութիւն անոր արձանագրած նուաճումին եւ յանձնառութեանց վերանորոգում մաղթեց կրթական եւ հովուական կեանքէն ներս:

Close Menu

Categories