Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

«Զի Աստուած Ընդ Մեզ Է» Յիշեցուց Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան

By November 6, 2020June 18th, 2024No Comments

Նախագահութեամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, Չորեքշաբթի, 4 Նոյեմբեր 2020, երեկոյեան ժամը 7ին, Կլենտէյլի Սբ. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ խաղաղութեան աղօթք՝ նուիրուած հայրենի եզերքին, հայոց բանակին եւ հայ ժողովուրդին, ներկայութեամբ հաւատացեալներու, որոնք հոգեպարար այս պահը անձկութեամբ ըմբոշխնեցին՝ յարգելով Լոս Անճելըս գաւառի ընկերային հեռաւորութեան բոլոր կանոնները:

Փոխասացութեան նշանակալի մատուցմամբ հոգեւոր հայրերն ու սարկաւագները ընթերցումներ կատարեցին սաղմոսներէն, առ Բարձրեալն յղեցին աղերսներ, միաբերան երգեցին աղօթքներ, մինչ Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամին ընդմէջէն բիւրեղացուց քանի մը ոսկեայ մտածումներ՝ նշելով որ ցաւի թէ յաղթանակի պահերուն պէտք է գիտնանք «աստուածային հեռաձայն»ը՝ Աստուածաշո՛ւնչը առնել մեր ձեռքերուն մէջ եւ հաղորդակցիլ, մեր մտահոգութիւններն ու զգացումները կիսել գերագոյն ճշմարտութեան՝ Աստուծոյ հետ, որ կը պատասխանէ մեր խնդրանքներն ու աղօթքները Իր ձեւով, պայմանով որ առ Աստուած մեր դիմումին մէջ ըլլանք անկեղծ, հաւատքով լի եւ ձեռք ձգենք Տիրոջ պատասխանները հասկնալու վարժութիւնը:

Անդրադառնալով Արցախի եւ Հայաստանի ներկայ իրականութեան, հայոց բանակի գործած սխրանքներուն եւ համայն հայ ժողովուրդի զաւակներուն՝ այս ծանր օրերուն Աստուծոյ առջեւ աղօթքի կանգնած ըլլալու իրողութեան, Սրբազան Հայրը ըսաւ. «Երանի այն մարդուն, այն ընտանիքին, այն ընկերութեան, այն ժողովուրդին, այն հայրենիքին, որ անցնելով հանդերձ զանազան տեսակի փորձութիւններէ եւ փորձանքներէ, տակաւին գիտէ երգել եւ արտասանել, որ Աստուած մեզի հետ է»:

Հայ ժողովուրդի դարաւոր կեանքին մէջ հաւատքի ուժը վեր առնելով իբրեւ յաղթանակի հիմնական գործօն, Առաջնորդ Սրբազանը խնդրեց Տիրոջմէ, որ Իր Որդւոյն խաչին պաշտպանութեան ներքեւ պահէ ամբողջ հայ ժողովուրդը, Հայաստան-Արցախ աշխարհը եւ հայոց բանակը:

Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակը այդ պահուն հագաւ հոգեւոր հանդերձանք, յուզական երանգով հնչեց «Տէր Ողորմեա»ն, ապա մաղթանքներու ամէնէն խռովիչը հայցուեցաւ Աստուծմէ՝ «փրկեա երեւելի եւ աներեւոյթ թշնամեաց»: Հաւաքական աղօթքի պահը աւարտեցաւ «Պահպանիչ»ով:

Close Menu

Categories